Թիֆլիսի Մէջ Կայացած Են Հայաստանի Եւ Վրաստանի Վարչապետներու Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւնները

Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետներու գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ Վրաստանի կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած են երկկողմ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Երկու երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու առանձնազրոյցին յաջորդած   է    ընդլայնուած   կազմով հանդիպում, որուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմ տնտեսական համագործակցութեան օրակարգային հարցեր, ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը եւ առեւտրատնտեսական կապերը աւելի սերտացնելու հեռանկարներ:

Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն  յայտնած է Վրաստան այցելելու հրաւէրի համար` ընդգծելով, որ բարձրաստիճան պաշտօնական յաճախակի փոխայցերը կը վկայեն հայ-վրացական քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին մասին եւ կը նպաստեն երկկողմ յարաբերութիւններու
ամրապնդման:

Իր հերթին Իրակլի Ղարիպաշուիլին ողջոյնի խօսքին մէջ ընդգծած է, որ Վրաստանը կարեւոր կը համարէ բարեկամ Հայաստանի հետ համագործակցութեան յետագայ խորացումը եւ զարգացումը եւ շնորհակալութիւն յայտնած Հայաստան իր պաշտօնական այցի ընթացքին արժանացած ջերմ ընդունելութեան համար:

Բարձր գնահատելով երկկողմ քաղաքական երկխօսութեան մակարդակը` զրուցակիցները կարեւոր նկատած են առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ եւս առկայ ներուժի լիարժէք իրացումը եւ այդ ծիրին մէջ անդրադարձած յառաջիկայ ընելիքներուն: Երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը աւելցնելու նպատակով կողմերը անհրաժեշտ համարած են ներդրումային նոր ծրագիրներու իրականացումը եւ հայ-վրացական միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութեան աշխուժացումը:

Յովիկ Աբրահամեան եւ Իրակլի Ղարիպաշուիլին անդրադարձած են նաեւ տարբեր
ներգրաւման միաւորումներուն երկու երկիրներու անդամակցութեան հարցին: ՀՀ վարչապետը նշած է, որ Հայաստան շուտով կ’անդամակցի Եւրասիական տնտեսական միութեան, սակայն միաժամանակ պիտի շարունակէ նաեւ աշխոյժ համագործակցելու եւրոպական միութեան հետ բոլոր հնարաւոր ուղղութիւններով: Յովիկ Աբրահամեանի խօսքով` Հայաստան կարեւոր կը համարէ ԵՄ-ի հետ առկայ բազմաթիւ համատեղ ծրագիրներու եւ բարեփոխումներու շարունակական իրականացումը:

Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները ընդգծած են, որ տարբեր ներգրաւման միաւորումներու անդամակցութիւնը պէտք է ծառայէ երկու երկիրներու տնտեսութիւններու զարգացման, գործարար միջավայրի համար նոր հնարաւորութիւններու ստեղծման եւ չխոչընդոտէ հայ-վրացական քաղաքական, տնտեսական, մշակութային կապերու սերտացման:

Գոհունակութիւն յայտնելով փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան, ենթակառուցուածքներու բարելաւման, ուժանիւթի, մարդասիրական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ ծաւալած համագործակցութեան ընթացքէն` զրուցակիցները անդրադարձած են նշուած իւրաքանչիւր բնագաւառի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն:
Մասնաւորապէս, կարեւորած է Բագրատաշէն, Բաւրա եւ Գոգաւան սահմանային անցակէտերու շինարարութեան ու արդիականացման, ինչպէս նաեւ Բագրատաշէն-Սատախլօ սահմանային անցակէտին մէջ նոր` «Բարեկամութեան» կամուրջի շինարարական աշխատանքներու շարունակականութիւնը:

Ճանապարհային ենթակառուցուածքներու բարեկարգման առումով ՀՀ վարչապետը մեծապէս կարեւոր համարած է Վերին Լարս սահմանային անցակէտի անխափան գործունէութիւնը:

Երկուստեք ընդգծուած է ուժանիւթի ոլորտին մէջ Հայաստան-Վրաստան 400 քիլովոլթ լարման ելեկտրահաղորդման գիծի կառուցման կարեւորութիւնը, որուն ֆինանսաւորման համաձայնագիրը ստորագրուած է Դեկտեմբեր 9-ին ՀՀ ֆինանսներու նախարարութեան եւ գերմանական KfW դրամատան միջեւ:

Կարեւոր համարելով Երեւան-Թիֆլիս եւ Երեւան-Պաթումի կանոնաւոր չուերթերու գործարկումը` Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները յանձնարարած են պատասխանատու մարմիններու ղեկավարներուն քննարկել չուերթերու վերսկսման լուծումները:

Հայկական կողմը բարձրացուցած է ՀՀ քաղաքացիներու` 90 օրէն աւելի Վրաստանի տարածքին մէջ գտնուելու հարցը, որուն հետ կապուած խնդիրներ յառաջացած են: Տեղեկացնելով, որ Վրաստանի գաղթականներու քաղաքականութեան օրէնսդրութեան մէջ կատարուած են համապատասխան փոփոխութիւններ, վրացական կողմը բանակցութիւններուն ընթացքին խոստացած է, որ մինչեւ 2015 թ. առաջին եռամսեակի աւարտը բարձրացուած բոլոր խնդիրներուն լուծում պիտի տրուի օտարերկրեայ, ինչպէս նաեւ` ՀՀ քաղաքացիներուն համար:

Պատմամշակութային կապերու սերտացման  ծիրին մէջ զրուցակիցները կարեւորած են մշակութային հարուստ ժառանգութեան պահպանումը եւ վերականգնումը: Հայկական կողմը շնորհակալութիւն  յայտնած է Վրաստանի իշխանութիւններուն Թիֆիլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան հայկական թատրոնի վերանորոգման նպատակով
2015 թ. պիւտճէով միջոցներ նախատեսելու համար:

Յովիկ Աբրահամեան Իրակլի Ղարիպաշուիլիին  փոխանցած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրը` ներկայ գտնուելու 2015 թ. Ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ կայանալիք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան: Քննարկուած են տարածաշրջանային համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր եւս:

Հանդիպման աւարտին Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները հանդէս եկած են զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար նախատեսուած յայտարարութեամբ:

01

Scroll Up