Հայաստանի Գիւղերուն Մէջ Ապրող Մարդիկ Հերոսներ Են
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/73.jpg)
Շուէտաբնակ մեր հայրենակիցները` Լորանս Շառոյեան եւ Կարէն Յարութիւնեան, յատուկ առաքելութեամբ կը գտնուին Հայաստանի մէջ. շրջելով Հայաստանի գիւղերով` կ’այցելեն կարիքաւոր ընտանիքներուն` հասկնալու համար, թէ ինչով կրնան օգնութեան ձեռք մեկնել անոնց եւ ըսելու ամենակարեւորը, որ միայնակ չեն իրենց խնդիրներուն մէջ:
«Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին տեղեկացուցին, որ ծրագիրը «Շտապ օգնութիւն, Հայաստան» բարեգործական հիմնադրամի ծիրէն ներս կ’իրականացուի, որուն միացած է Շուէտի հայ համայնքը, եւ ոչ միայն…
– Ինչը՞ Ձեզի մղեց, որ նման նախաձեռնութեամբ հանդէս գաք:
Կարէն Յարութիւնեան-Նախաձեռնութեան հեղինակը ես եմ: Տասներկու տարի ապրելով օտարութեան մէջ` կը ցանկայի ուժերուս ներածին չափով օգնել Հայաստանի գիւղերու կարիքաւոր ընտանիքներուն, որպէսզի խղճիս առջեւ հանգիստ զգայի: Դեռեւս անցեալ տարուընէ մեկնարկած է ծրագիրը: Գալով Հայաստան` այցելեցի իմ ծննդավայրս Գիւմրի, ուր հանդիպեցայ երեք ընտանիքներու: Անոնց փոխանցեցի սնունդ, առաջին անհրաժեշտութեան կենցաղային ապրանքներ, երեխաներուն հագուստ, խաղալիք եւ այլն: Ըսեմ, որ նախապէս կը հետաքրքրուինք, թէ ինչ բանի կարիքը ունին ընտանիքները եւ նոր միայն կը կողմնորոշուինք գնումներու հարցով:
Լորանս Շառոյեան– Կը ցանկանք այս քայլով Շուէտի հայ համայնքին իրազեկել, որ Հայաստանի մէջ շքեղ ճաշարաններու, սրճարաններու եւ ժամանցի այլ վայրերու կողքին սոցիալապէս անապահով ընտանիքներ կ’ապրին, որոնց նեցուկ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը կայ: Գիտենք, որ աշխարհի տարբեր երկիրներէ հայերը օգնութիւն կ’ուղարկեն: Շուէտի հայ համայնքը աշխոյժ չէր այս հարցով: Ուստի որոշեցինք շուէտահայերը խանդավառել այս գաղափարով եւ ներգրաւել մեր շարքերը:
Բարեգործական հիմնադրամը «Շտապ օգնութիւն, Հայաստան» կը կոչուի: Արդէն դիմած ենք Շուէտի պետութեան, որպէսզի մեր գործունէութիւնը օրինականացնող համապատասխան փաստաթուղթեր տրամադրէ: Առ այժմ թիրախի մէջ գիւղերն են: Յետագային պիտի փորձենք նաեւ մտածել Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն եւ Արցախի ընտանիքներուն ծրագիրին մէջ ընդգրկելու մասին:
– Յաջողեցա՞ք շուէտահայերը ոտքի հանել:
Կարէն Յարութիւնեան-Ի հարկէ: Նախորդ այցելութիւններու ժամանակ նկարահանած էինք այդ ընտանիքներու կենցաղային պայմանները, եւ տեղեկատուական հոլովակները տարածած սոցիալական ցանցերով: Արձագանքները չուշացան: Գումարներ սկսան փոխանցել անհատներ, տարբեր կազմակերպութիւններ, միութիւններ, նոյնիսկ շուէտացիներ միացան, որմէ շատ ոգեւորուեցանք: Գումարի չափը բոլորովին նշանակութիւն չունի, կարեւորը մարդասիրութեան եւ հոգատար վերաբերմունքի դրսեւորումն է:
Բոլոր աջակիցներուն կրնանք վստահեցնել, որ փոխանցուած գումարները չեն կորչիր, քանի որ ճիշդ ճանապարհով կը հասնին «հասցէատէրերուն» եւ նպատակին կը ծառայեն:
– Ինչպէ՞ս սկիզբ առաւ ձեր համագործացութիւնը:
Լորանս Շառոյեան– Կը ճանչնայի Կարէնը, գիտէի, որ նման բարեգործական ծրագիր կ’իրականացնէ:
2015 թուականի Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի օրը, Կարէնը եկաւ եկեղեցի եւ ըսաւ, որ կը ցանկայ նոր թափ հաղորդել ծրագիրին: Քանի որ ես ալ նման մտադրութիւն ունէի, հաւանութիւն տուի, որմէ ետք նուիրուեցանք այս կարեւոր գործին: Մենք որեւէ միութեան, խորհուրդի, կուսակցութեան անդամագրուած չենք: Այս ամէնը իբրեւ հայ մարդիկ կ’իրականացնենք, որոնք սրտցաւ են Հայաստանի համար:
-Մինչեւ այժմ ո՞ր մարզերը այցելած էք:
Կարէն Յարութիւնեան- Որոշած ենք առանց որեւէ տարանջատման ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահել Հայաստանի բոլոր մարզերը: Այս այցելութեան ընթացքին այցելեցինք Արարատի մարզի Դարակերտ եւ յարակից այլ գիւղերը, ինչպէս նաեւ Գեղարքունիքի մարզի Վահան գիւղը:
Լորանս Շառոյեան-Վահան գիւղին մէջ հինգ ընտանիքի այցելեցինք: Ընտանիքներէն մէկուն համար, օրինակ` կով գնեցինք, որ, կը կարծեմ` խիստ նպատակային էր: Միւսներուն, ըստ անհրաժեշտութեան, սննդամթերք, հագուստ, դեղօրայք եւ այլ պարագաներ տուինք:
Գացինք նաեւ գիւղապետարան: Խօսելով աշխատակիցներուն հետ` պարզեցինք, որ մանկապարտէզը վերանորոգման կարիք ունի, եկեղեցի կառուցելու անհրաժեշտութիւն կայ եւ այլն: Պիտի փորձենք առաջադրած բոլոր խնդիրներուն հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ լուծում տալ:
Իսկ ընտանիքներուն կը գտնենք հարցուփորձի միջոցով: Նախ կը համոզուինք, որ անոնք, իրօք, օգնութեան կարիքը ունին, թէ ոչ, ապա նոր յանձն կ’առնենք մնացած քայլերը իրականացնել:
Կ’ուզեմ հիացումս արտայայտել Հայաստանի գիւղերուն մէջ ապրող մարդոց մասին: Անոնք, իսկապէս, հերոսներ են. այդ դժուարին պայմաններուն մէջ ապրելով հանդերձ`կը շարունակէին ժպտիլ մեզի եւ լաւատեսութեամբ լեցուիլ: Իսկ երբ կը հարցնէինք, թէ արդեօք չէին ցանկար այլ վայրի մէջ ապրիլ, անոնք անյողդողդ կը պատասխանէին, որ ինչ ալ ըլլայ, երբեք չեն հեռանար իրենց բնակավայրէն:
Կարէն Յարութիւնեան– Երբ կը մտնէինք անոնց բնակարանները` անակնկալի կու գային, չէին պատկերացներ, որ Շուէտէն իրենց կրնան յիշել եւ այցելութեան գալ: Հեռանալով այդ ընտանիքներէն` հոգեպէս հանգիստ կը զգանք, որ կրցանք ինչ-որ կերպ թօթափել անոնց հոգը եւ ժպիտներ պարգեւել: Պէտք է տեսնէիք երեխաներու` ուրախութենէն փայլող աչքերը, երբ իրենց երազած խաղալիքը կամ հագուստը կը ստանան: Ամբողջ աշխարհ մը արժէ այդ:
Յառաջիկայ օրերուն հերթական ընտանիքներուն Սուրբ Զատկուան տօնին ընդառաջ օգնութիւն պիտի տրամադրենք, որպէսզի բարձր տրամադրութեամբ նշեն բոլորիս համար այդչափ կարեւոր տօնը:
-Իսկ ինչո՞վ կը զբաղիք Շուէտի մէջ:
Կարէն Յարութիւնեան– Ես դերասան եմ: Կը նկարահանուիմ Sketch-Show ժանրին մէջ: Սկիզբը երեք ընկերներով «Rպggywood» խումբ կազմած էինք: Պարզապէս սիրողական մակարդակով զուարճալի տեսանիւթեր կը նկարահանէինք եւ կը տեղադրէինք Youtube-ի վրայ, որ մեզի մեծ ճանաչում բերաւ: Այնուհետեւ Շուէտի «SVT1» հեռուստաընկերութեան հետ համագործակցութեամբ` հումորային ֆիլմ նկարահանեցինք: Ֆիլմին մէջ նաեւ հայկական զաւեշտի առանձնայատկութիւնները ներկայացուցած ենք: Սակայն խումբը այլեւս չի գործեր, այժմ մինակ գործունէութիւն կը ծաւալեմ` նկարահանելով «Karen Show» զաւեշտալի հոլովակներ:
Լորանս Շառոյեան–Գործուն մասնակցութիւն ունիմ համայնքային կեանքէն ներս` փորձելով իմ աւանդս ունենալ հայապահպանութեան ուղղուած տարբեր ծրագիրերու մէջ: Սեոտերթելյէի հայկական Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ խորհուրդի անդամ եմ: Տասնհինգ տարի առաջ Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքէն Շուէտ տեղափոխուած:
Համայնքին համար յատկանշական էր 2015 թուականի աշնանը Սեոտերթելյէ քաղաքին մէջ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին հայկական առաջին եկեղեցւոյ բացումը, որ աւելի համախմբեց շուէտահայերը:
Ի դէպ, հայերու հոծ զանգուած կը նկատուի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի, Ուփսալա եւ Սեոտերթելյէ քաղաքներուն մէջ: Վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմէն յետոյ Շուէտի մէջ շատ սուրիահայեր հաստատուած են: Նաեւ հայաստանցիներ մշտական բնակութեան կու գան:
Առհասարակ, տեղի հայերով միշտ առաջ կը սլանանք` չընկրկելով դժուարութիւններէն:
Գէորգ Չիչեան