ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց «Հայ Համայնքը` Հայ Ուսանողութեանը» Հիմնադրամի Տնօրէն Արտաւազդ Եախշիպէկեանը

Մարտ 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Հայ համայնքը` հայ ուսանողութեանը» հիմնադրամի  տնօրէն  Արտաւազդ Եախշիպէկեանը:

Հիւրը նախարարին ներկայացուց 2006 թուականէն գործող հիմնադրամի ներկայ իրավիճակը` նշելով, որ այն կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ստեղծման հիմնական նպատակին, այն է` անուանական կրթաթոշակներ տրամադրելով Հայաստանի համալսարաններու  բարձր յառաջադիմութեամբ եւ հասարակական աշխուժութեամբ աչքի ինկող ուսանողներուն` աջակցելու անոնց ուսման շարունակականութեան ապահովման: Հիմնադրամը կը հովանաւորուի Սփիւռքի մէջ իրենց գիտական եւ մասնագիտական գործունէութեամբ բացառիկ յաջողութիւններու հասած եւ մեծ հեղինակութիւն վայելող մեր հայրենակիցներուն կողմէ:

Անուանական կրթաթոշակի տրամադրման հետ մէկտեղ, հիմնադրամի հովանաւորները աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերեն ապագայ մասնագէտներու կայացման եւ աճին: Ընդհանուր առմամբ անուանական կրթաթոշակ տրամադրուած է 218 ուսանողի: Ներկայիս անոնց թիւը 32-ն է: Կրթաթոշակէն կ’օգտուին նաեւ Արցախի, Գորիսի եւ Գաւառի համալսարաններու ուսանողները:

Դրական գնահատելով հիմնադրամի գործունէութիւնը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան դրուատանքով խօսեցաւ հիմնադրամի հովանաւորներու` հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Ռոպերթ Ենգիբարեանի, Բագրատ Ալեքեանի, Մնացական Գասպարեանի, Սերգէյ Աւագեանի,  Արամայիս Քամալովի, Լեւոն Փիրուզեանի (որուն մահէն ետք աւանդոյթը կը շարունակէ անոր ընտանիքը) մասին` անոնց կատարածը համարելով հայրենիքի հանդէպ սիրոյ եւ նուիրուածութեան դրսեւորման լաւագոյն ձեւերէն մէկը: Ըստ նախարարի` նման գործունէութիւնը կը նպաստէ նաեւ հայրենիքի հետ կապի սերտացման:

Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան հիմնադրամի գործունէութեան ընդլայնման  հնարաւորութիւններուն հետ կապուած հարցեր:

Scroll Up