Րաֆֆի Քալֆայեան. «Փոխհատուցման Գործընթացները Կարելի Է Առաջ Մղել` Թուրքիոյ Կողմէ Ցեղասպանութեան Պաշտօնական Ճանաչումէն Անկախ»

Եւրոպայի հայերու համագումարին կողմէ Գերմանիոյ Տոյսպուրկ քաղաքին մէջ կազմակերպուած «ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՒԱՐՏԻՆ» եռօրեայ գիտահետազօտական խորհրդաժողովի չորրորդ նիստը, որ ունէր «Ցեղասպանութիւն եւ պահանջատիրութիւն, քաղաքա-իրաւական դաշտին մէջ պահանջատիրութեան հարցի պարզաբանում եւ յստակեցում» ընդհանուր խորագիրը, կը վարէին դոկտ. Րաֆֆի Պետիկեան եւ Երուանդ Խոսրովեան: Այս մասին, ըստ «Հայերն այսօր»-ի, կը յայտնեն եւրոպայի հայերու համագումարի տեղեկատուական կեդրոնէն:

«Հայկական պահանջատիրութիւնը միջազգային օրէնքին մէջ» թեմայով ելոյթ ունեցաւ Ֆրանսայի հայ իրաւաբաններու միութեան համանախագահ իրաւաբան տկն. Վերժինէ Թիւշէն: Ան սկիզբը անդրադարձ կատարեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքները համակարգող խորհուրդին, ապա խօսեցաւ միջազգային զանազան դատարաններու մէջ Հայկական հարցը արծարծելու հնարաւորութիւններուն եւ անոնց առջեւ ծառացած դժուարութիւններուն ու արգելքներուն մասին:

Այնուհետ «Ցեղասպանութեան փոխհատուցում. իրաւական հիմքեր, միջոցներ եւ մարտահրաւէրներ» թեմայով ելոյթ ունեցաւ Մարդու իրաւունքներու միջազգային ֆետերասիայի (F.I.D.H.) նախկին նախագահ, իրաւաբան, միջազգային օրէնքի մասնագէտ Րաֆֆի Քալֆայեան, որ մանրամասնօրէն բացատրեց միջազգային օրէնքին մէջ տեղ գտած փոխհատուցման եղանակներուն, միջոցներուն, պայմաններուն եւ հնարաւորութիւններուն մասին:

Րաֆֆի Քալֆայեան խօսեցաւ Թուրքիայէն հայապատկան կալուածներու անհատական եւ հաւաքական պահանջատիրութեան անհրաժեշտութեան մասին` միաժամանակ ընդգծելով, որ փոխհատուցման գործընթացները կարելի է առաջ մղել`  Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն անկախ: Ան նշեց, որ սոյն գործընթացը կը պահանջէ զգուշութիւն, խոհեմութիւն եւ Հայաստան-Սփիւռք ամբողջական համագործակցութիւն:

Երկու զեկոյցներու աւարտին քննարկումներ կատարուեցան հողային եւ կալուածային պահանջատիրութեան եւ ֆինանսական փոխհատուցման իրաւական հիմքերու եւ կարելիութիւններու մասին:

Յիշեցնենք, որ Մարտ 4-6 Գերմանիոյ Տոյսպուրկ քաղաքին մէջ Եւրոպայի հայերու համագումարի նախաձեռնութեամբ կայացաւ` հայութեան հիմնահարցերուն նուիրուած գիտահետազօտական խորհրդաժողով` «ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՒԱՐՏԻՆ» ընդհանուր խորագիրին ներքոյ, որուն մէջ զեկոյցով հանդէս եկան եւրոպահայ տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ:

Scroll Up