«Ֆլիթրիճ» Վարժարանի Ձեռնարկէն 954 Տոլարի Նուէր՝ Սուրիահայութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/0204SARF1.jpg)
Չորեքշաբթի, Յունուար 27ին, «Շամլեան»ի նախկին աշակերտ, իսկ ներկայիս՝ «Ֆլիթրիճ» վարժարան յաճախող Շանթ Արմէնեանը հետաքրքրական ներկայացում մը հրամցուցած է դպրոցի շուրջ 100 աշակերտներուն եւ ծնողներուն՝ լուսարձակի տակ առնելով Սուրիոյ ու յատկապէս սուրիահայութեան վիճակը։
Ներկայացումին մասնակցած են նաեւ վերջին 3-4 տարիներուն Սուրիայէն արտագաղթած եւ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած հայորդիներ։
Աւարտին, սրահի ելքին տեղադրուած Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինի սեղանին կատարուած նուիրատուութիւններուն գումարը հասած է 954 տոլարի։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: