ՀԱԼԷՊԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ. Միջինք Հայ Աւետ. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայ Աւետ. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Միացեալ Ժռղովի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Տիկնանց Միջինքի հաւաքոյթ, Չորեքշաբթի 2 Մարտ, 2016, յետմիջօրէին ժամը 2:00-ին, Հայ Աւետ. Նահատակաց Եկեղեցւոյ «Լեւոնեան» սրահէն ներս: Յայտագիրը սկսաւ Տիկ. Սեւան Տէր Սահակեանի բացման եւ ողջոյնի խօսքով: Ապա հրաւիրեց Եկեղեցիիս հովիւը՝ Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանը օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը փոխանցելու, «Յիսուսով նոր կեանք» վերնագրով, հիմնուած Յովհ.10:10-րդ համարին վրայ, որմէ ետք տիկինները ստացան էջադիր, որու վրայ արձանագրուած էր օրուան ոսկեղէն համարը՝ «Ես եկայ, որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան», Յովհ.10:10: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր ճաշ, խաղեր, լոյի վաճառք՝ առաջնորդութեամբ՝ Տիկ. Մարալ Պէրէճիքլեանի, Տիկ. Սիլվա Նանէճեանի եւ Տիկ. Շաղիկ Ռուբէնեանի:
Յայտագիրը վերջ գտաւ Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանի աղօթքով:

Այս մասին կը յայտնէ Perio news.

Scroll Up