Նոր Գիրք` 1915-էն Ետք Թուրքիա Մնացած Հայերուն Մասին

ԱՄՆ-ի մէջ հրատարակուած է Մասաչուսէթսի արուեստաբանութեան  ինստիտուտի (MIT) դասախօս, պատմաբան Լեռնա Էքմէքչիօղլուի «Հայաստանի վերականգնումը. Պատկանելիութեան սահմանափակումները Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութենէն ետք» գիրքը:

Սթենֆորտի համալսարանին կողմէ հրատարակուած գիրքը հեղինակի խորքային հետազօտութիւնն է Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու եւ ատկէ ետք  Թուրքիա մնացած հայերու մասին:

Հեղինակը կ’անդրադառնայ Առաջին աշխարհամարտէն ետք Թուրքիոյ մէջ  հայերու վիճակին` նկարագրելով, թէ  այդ երկրին մէջ ինչպէս հայերուն կը վերաբերին որպէս դաւաճաններու:

Աշխատութեան մէջ հեղինակը կը պատմէ այդ ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ մէջ հայկական շրջանակներու հանրային գործիչներու մասին, ինչպէս Սթամպուլի մէջ տպագրուող «Հայ կին» ամսագիրի խմբագիր Հայկանոյշ Մարքն է: Ան կը մարմնաւորէ հայ կնոջ կերպարը, որ բարդ ժամանակաշրջանի մէջ առանցքային դեր կը խաղայ հայ մշակոյթի, ինքնութեան եւ աւանդոյթներու պահպանման գործին մէջ:

Լեռնա Էքմէքչիօղլուն դուստրին հետ

Հայկանոյշ Մարքը հանդէս կու գար նաեւ ի պաշտպանութիւն կանանց իրաւունքներուն: Այսպիսով, հեղինակը փորձած է ներկայացնել այդ ժամանակաշրջանին հայ կանանց դերակատարումը Թուրքիոյ մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման գործին մէջ:

Ըլլալով ազգութեամբ հայ` Լեռնա Էքմէքչիօղլուն կ’ընդգծէ, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ իրեն պէս բազմաթիւ  հայերու չեն թոյլատրեր դասաւանդել դպրոցներու մէջ` ազգային պատկանելիութեան պատճառով:

«Այն պատմութիւնը, զոր դասաւանդած են դպրոցէն ներս, ամբողջութեամբ կը հակասէր այն պատմութեան, որուն մասին ինծի կը պատմէին տունը: Ես մեծցած եմ  ընտանիքի մը մէջ, ուր կը խօսէին այդ դէպքերուն մասին եւ ջանքեր կը գործադրէին` արթուն պահելու մեր յիշողութիւնը»,- mediamax.am-ի փոխանցմամբ` կը նշէ հեղինակը:

Հեղինակը նաեւ ըսած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն ետք Թուրքիոյ մէջ աննախադէպ քննարկումներ կը ծաւալին կատարուածի եւ այդ երկրին մէջ հայերու ներկայութեան մասին:

 

Scroll Up