Հարվըրտի Համալսարանէն Ներս Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ձեռնարկ Տեղի Պիտի Ունենայ

Չորս գիտնական եւ հետազօտող Հարվըրտի համալսարանին մէջ Մարտ 31-ին կը խօսին Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հայերու իրականացուցած պաշտպանական մարտերուն մասին:

Ինչպէս կը հաղորդէ  MassisPost-ը, ձեռնարկը կը կրէ «Մուսա լեռէն մինչեւ Վարշաւայի Կեթօ. հայկական ու հրէական զինուած դիմադրութիւնը ցեղասպանութեանը» խորագիրը:

Թեմային շուրջ կը խօսին դերասան, սենարիստ Էրիկ Պօղոսեան, Քլարքի համալսարանի մէջ հոլոքոստի պատմութեան մասնագէտ Տեպորահ Տուորքը, Armenian Review-ի խմբագիր Տիգրան Կալիգեանը եւ Հարվըրտի համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի փրոֆէսոր Ճէյմս Ռասելը:

Ձեռնարկի մուտքը ազատ է բոլոր փափաքողներուն համար:

 

Scroll Up