Մարտակերտի ՄԷջ Նշուեցաւ Հայրենիքի Պաշտպանի Օրը
Փետրուար 23-ին, Մարտակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական համերգ` նուիրուած Հայրենիքի պաշտպանի օրուան: Համերգը կազմակերպած է մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնը, որուն աջակցած է նաեւ շրջանային վարչակազմի աշխատակազմի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինը: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Մարտակերտի շրջանի Ջրաբերդ պաշտօնաթերթէն:
Ներկայ էին շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վլատիկ Խաչատրեանը, շրջանային վարչակազմի պատասխանատու աշխատողներ, քաղաքի հիմնարկ-ձեռնարկութիւններու ղեկավարներ, Մարտակերտի հանրակրթական 2 դպրոցներու ուսուցիչներն ու աշակերտները եւ քաղաքի հասարակութիւնը: Ներկայ էին նաեւ այսօրուան մեր հայրենիքի պաշտպանները` զինուորները…
Կը շնորհաւորենք բոլոր զինծառայողները ` տօնի կապակցութեամբ, մաղթելով անփորձանք ծառայութիւն եւ յաջողութիւններ…