Մայրենիի Տօնը Եւ Հայ Սկաուտի Օրը` Ալմելոյի Մէջ

Փետրուար 21-ին Ալմելոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ` համագործակցութեամբ ՀՄԸՄ եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց կիրակնօրեայ դպրոցի, մեծ շուքով նշուեցաւ Մայրենիի տօնը եւ հայ սկաուտի օրը: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Մանուկ Մկրտչեան:
Ձեռնարկները մեկնարկած էին դեռ շաբաթ օրուընէ, երբ հայ սկաուտները մաքրեցին եկեղեցին, եկեղեցւոյ տարածքը եւ գիշերեցին եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Յաջորդ օրը մասնակցեցան Սուրբ պատարագին, որմէ ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ` նուիրուած մայրենիի եւ հայ սկաուտի օրուան: Ձեռնարկը սկսաւ Անգլիայէն ժամանած հայր Առէն Շահինեանի օրհնութեան աղօթքով: Այնուհետեւ Սեւան Կորկիսեան իր ելոյթին մէջ նշեց մայրենիի պահպանման կարեւորութիւնը` յատկապէս սփիւռքի մէջ: Իսկ աւարտին անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի կատարած աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ Ալմելոյի կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներու մասնակցութեամբ` ներկաները դիտեցին Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին ձօնուած ներկայացումը, ունկնդրեցին անոնց ասմունքը եւ ասոյթները` Մայրենիի վերաբերեալ:
Օրուան աւարտին սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած ոսպով ապուրը հայր Առէնի օրհնութենէն ետք բաժնուեցաւ հիւրերուն: