Հայաստանի ԱԳՆ-ը Կ’ողջունէ Սուրիոյ Շուրջ Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւնը

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ’ողջունէ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու դադարեցման վերաբերեալ Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համաձայնութիւնը: Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱԳ նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջին վրայ:

«Ողջունում ենք ՌԴ եւ ԱՄՆ միջեւ համաձայնութիւնը` Սիրիայում ռազմական գործողութիւնների դադարեցման վերաբերեալ»,- կը նշեն ԱԳՆ մէջ: Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ աջակցման միջազգային խումբի գիծով միւս գործընկերներուն միջեւ ըմբռնում  ձեռք բերուած է մարտական գործողութիւններու դադարեցման պայմաններուն շուրջ:

Նախապէս հրապարակուած էր Սուրիոյ մէջ հրադադարի վերաբերեալ Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի համատեղ յայտարարութիւնը, ըստ որուն` հրադադարը ուժի մէջ կը մտնէ Փետրուար 27-ին` Դամասկոսի ժամանակով ժամը 00:00-ին:

Scroll Up