Իրանահայութեան Տարազներու Բացառիկ Ցուցահանդէս Նոր Ջուղայի Մէջ (Լուսանկարներ)

Նոր  Ջուղայի Հայոց ազգային կրթահամալիրի «Քանանեան» իգական դպրոցի   տեսչութեան, ուսուցչական կազմի եւ ծնողական խորհուրդի համատեղ նախաձեռնութեամբ` Փետրուար 20-25 կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան»  սրահին մէջ կազմակերպուած է իրանահայութեան տարազներու բացառիկ ցուցահանդէս` նուիրուած Իրանի Իսլ. Յեղափոխութեան յաղթանակի 37-րդ տարեդարձին: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ Երանուշ Թահմազեան:

Ցուցահանդէսի  պաշտօնական բացումը, ներկայութեամբ Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ  գերշ.  Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի, ,   ազգային մարմիններու ու միութիւններու  ներկայացուցիչներու, կրթադաստիարակութեան հիմնարկութեան ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ  շարք մը այլ հրաւիրեալներու,  տեղի ունեցաւ   Փետրուար 20-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Ժապաւէնի հատումէն ետք  ներկաներուն ողջունեց դպրոցի փոխտեսուչ Ռիմա Սիմոնեան, ապա ելոյթ ունեցաւ գրադարանավարուհի Կարին Տէր-Մարտիրոսեան   եւ դպրոցի տեսուչ տկն. Սալարիֆար: Այնուհետեւ ներկաները շրջեցան բարձր ճաշակով դասաւորուած եւ թանգարանային տպաւորութիւն ձգող   ցուցահանդէսով, որ դահլիճի կեդրոնին մէջ մոտելներով կը ներկայացուէր Նոր Ջուղայի, Փէրիայի, Չահարմահալի եւ ուսուցիչի ու աշակերտի տարազները: Իսկ լուսանկարները կը ներկայացնէին 17-րդ դարէն մինչեւ 20-րդ  դարու  Իրանի տարբեր շրջաններու հայկական տարազներն ու իրանահայ հասարակութեան տարբեր խաւերու`  խօճայի , ուսուցչուհիի, աշակերտի, հարս ու փեսայի  եւ գեղջուկի իգական ու արական հագուստները: Ուշագրաւ էր նաեւ հարսանեկան ասեղնակար կանաչ-կարմիրն ու զարդարուած զոյգ շաքարը, ինչ որ իրանահայութեան մօտ պահպանուած  է առ այսօր:

Նշելի, որ ցուցահանդէսի իրականացման գործին անվերապահ համագործակցութիւն  բերած էին   միութիւններն  ու  անհատները:

Լուսանկարները` հեղինակին

տարազ15տարազ16տարազ16տարազ20տարազ21տարազ22տարազ17տարազ18տարազ19տարազ26տարազտարազ1տարազ2տարազ3տարազտարազ1տարազ2տարազ3տարազ4տարազ5տարազ6տարազ7տարազ8տարազ9տարազ10տարազ11տարազ12տարազ13տարազ14տարազ15տարազ23տարազ24տարազ25տարազ27տարազ28տարազ29տարազ4տարազ6տարազ7տարազ8տարազ9տարազ10տարազ11տարազ12տարազ13 տարազ14

Scroll Up