Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Վարչապետին Ներկայացուցած Է Նախարարութեան Իրականացուցած Աշխատանքները

Փետրուար 19-ին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ ՀՀ կառավարութեան մէջ քննարկուած է կառավարութեան 2015թ. գործունէութեան ձեռնարկներու ծրագիրի եւ գերակայ խնդիրներու կատարման ուղղութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան իրականացուցած աշխատանքները:

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային յանձնախումբերու աշխատանքները` նշելով, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը աշխուժօրէն մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստերու նախապատրաստական եւ կազմակերպչական բոլոր աշխատանքներուն: Մասնաւորապէս, ապահոված է Պետական յանձնաժողովի սփիւռքեան անդամներու, տարածաշրջանային յանձնախումբերու նախագահներու (ներկայացուցիչներու) մասնակցութիւնը յանձնաժողովի նիստերուն, ինչպէս նաեւ մասնակցած է անհրաժեշտ տեղեկատուական եւ քարոզչական բնոյթի նիւթերու պատրաստման եւ տարածման աշխատանքներուն:

Նախարարը տեղեկացուցած է, որ ՀՀ արտաքին գործերու եւ սփիւռքի նախարարութիւններու աջակցութեամբ տարբեր երկիրներու մէջ պետական, նահանգային եւ տեղական կառավարման մարմիններու, սփիւռքի հայկական կառոյցներու, հասարակական, լոպիստական կառոյցներու հետ տարածաշրջանային յանձնախումբերը իրականացուցած են համակարգուած հետեւողական աշխատանք, որմով մեծապէս նպաստած են Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացքին:

Ապրիլ 22-23 Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի ծրագիրնե­րու ծիրէն ներս Երեւանի մէջ տեղի  ունեցած է «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային ժողովը, որուն ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգել­ման եւ պա­տա­ս­խանա­տուութեան միջազգային իրաւական հիմնախնդիրները» միջազգային գիտաժողովը:

Սփիւռքի նախարարը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու ընդելուզման ծրագիրներու իրականացման վերաբերեալ կատարած աշխատանքներուն` նշելով, որ «Սփիւռքահայերու ընդելուզման գործընթացքի կազմակերպում» ծրագիրի ծիրէն ներս լուծուած են Հայաստանի մէջ հաստատուած, սուրիահայերու եւ իրաքահայերու բազմաթիւ իրաւական, ընկերային, առողջապահական, կրթական խնդիրներ, կազմակերպուած են մշակութային ձեռնարկներ, ամառնային ճամբարներ, տարեմուտի երեկոներ, արեւելահայերէն եւ ռուսաց լեզուի դասընթացներ:

Հայոց լեզուի տարածման եւ հայ երիտասարդութեան շրջանին մէջ հայերէնի իմացութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ իրականացուցած աշխատանքերուն մասին նախարարը զեկուցեց, որ այդ գերակայ խնդիրի լուծման նպատակով ձեռնարկուած են  շարք մը աշխատանքներ, իրականացուած  քանի մը ծրագիրներ. «Հայոց լեզուի հեռուստադպրոց» ծրագիրով հայկական համայնքներ  սփռուած է հեռուստադպրոցի երեք տասնեակ դասաժամ, շարունակուած է արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն եւ հակառակը փոխարկիչի ընդլայնման աշխատանքները, Սփիւռքի կրթական հաստատութիւններուն տրամադրուած է շուրջ 46 000 կտոր ուսումնական նիւթ, նախարարութեան օժանդակութեամբ Սփիւռքի մէջ ստեղծուած են 15 նոր մէկօրեայ դպրոցներ, կազմակերպուած է «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» համաժողովը, կազմակերպուած է «Ապագայ» խորագիրով երիտասարդական հաւաքը, ինչպէս նաեւ հայոց լեզուի ուսուցիչներու վերապատրաստում Աւստրալիոյ մէջ, կրթական տարբեր խնդիրներուն նուիրուած հեռաժողովներ եւ այլն:

Նախարարը խօսած է նաեւ Համահայկական կառոյցներու հետ համագործակցութեան  ընդլայնման եւ զարգացման ծիրէն ներս իրականացուցած ձեռնարկներու եւ արձանագրուած արդիւնքերուն մասին` նշելով, որ 2015թ. համահայկական կառոյցներու հետ կնքուած է համագործակցութեան 2 համաձայնագիր (ՀՕՄ եւ «Երկրապահ կամաւորներու միութիւն» ՀԿ): Կը նախապատրաստուին նաեւ նոր համաձայնագիրներու նախագիծեր` յառաջիկային կնքելու համար: Շարք մը կառոյցներու հետ անցեալին կնքուած յուշագիրներու ծիրէն ներս ընդլայնուած եւ խորացած են համագործակցութեան եզրերը, իրականացուած են ծրագիրներ: Կնքուած համաձայնագիրներու ծիրէն ներս իրականացուած են բազմաթիւ համատեղ ձեռնարկներ:

Նախարար Յակոբեան յայտնած է նաեւ, որ կառավարութեան համապատասխան որոշումներով հաստատուած են Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն», «Երգում ենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնի եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց» 2015 թուականի ծրագիրները եւ ձեռնարկներու ցանկը:

Յովիկ Աբրահամեան դրական գնահատելով Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքը` ընդգծած է, որ գերատեսչութեան կողմէ մեծ աշխատանք  կատարուած է, եւ 2015 թուականին նախարարութեան աշխոյժ մասնակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն` ակնառու  եղած է: Գործադիրի ղեկավարը կարեւոր համարած է սփիւռքահայ գործարարներու աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան եւ այդ ծիրէն ներս անհրաժեշտ համարած Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ գործարարներու մասնակցութեամբ գործարարութեան ժողովներու իրականացումը:

Նախարար

Scroll Up