Նոր Մասնաշէնքին Մէջ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Առաջին Գործակարգավարական Խորհրդակցութիւնը

Փետրուար 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նոր մասնաշէնքին մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ առաջին գործակարգավարական խորհրդակցութիւնը, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց Փետրուար 13-15-ին Լիբանան կատարած իր այցի արդիւնքները, անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու տարածաշրջանային յանձնաժողովի ամփոփիչ նիստին` բարձր գնահատելով իրականացուած աշխատանքները եւ համաժողովի կազմակերպումը:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց աշխոյժ ու նուիրեալ աշխատակիցներուն` նոր մասնաշէնք տեղափոխուելու աշխատանքները ջանադրաբար եւ բարձր կազմակերպուածութեամբ իրականացնելու համար եւ աւելցուց, որ առաւել բարւոք աշխատանքային պայմանները պիտի նպաստեն աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման, թիմային աշխատանքի մշակոյթի կատարելագործման:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները զեկուցեցին շաբթուան ընթացքին կատարած աշխատանքներուն մասին: Տարածաշրջանային վարչութիւններու ղեկավարները ներկայացուցին նախարարութեան ծրագիրներուն համայնքներու մասնակցութեան վերջին տուեալները եւ բաւարար չափով մասնակիցներ ներգրաւելուն ուղղուած աշխատանքները:
Քննարկուեցան նախարարութեան կապի միջոցներու կարգաւորման ու անխափան գործարկման առնչուող հարցեր: Ներկայացուեցաւ վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները: Կարեւոր համարուեցան սուրիահայերու հիմնախնդիրներու իրաւական լուծման առնչուող հարցերը: Նախարարը բարձր գնահատեց աւանդական դարձած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» ցուցահահանդէս-տօնավաճառի կազմակերպումն ու լուսաբանումը:
Տրուեցան նախարարութեան աշխատակիցներու կարգապահութեան, աշխատանքները առաւել արդիւնաւէտ կազմակերպելուն, ծառացած խնդիրները հետեւողականօրէն լուծելուն եւ ծրագիրներու մշակման ու իրականացման բարձր պատասխանատուութեամբ եւ ստեղծագործաբար վերաբերուելու հետ կապուած ցուցումներ եւ հրահանգներ:
Քննարկուեցան նաեւ «Իմ Հայաստան» փառատօնի, Համահայական մրցանակաբաշխութեան եւ 2016թ. իրականացուելիք համաժողովներու կազմակերպման առնչուող տարաբնոյթ հարցեր:
Կարեւոր համարուեցաւ Փետրուար 19-ին եւ 21-ին Մայրենիի օրուան նուիրուած ձեռնարկները յաւուր պատշաճի կազմակերպելը եւ լուսաբանելը:
Յանձնարարուեցաւ աշխատանքներ տանիլ Սփիւռքի մէջ գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ցանկաւորման, թուայնացման եւ պահպանման ուղղութեամբ:
Տրուեցան յանձնարարականներ եւ ատոնք ժամանակին, արդիւնաւէտ եւ հետեւողականօրէն իրականացնելու ցուցումներ: