Հանրապետական Խորհրդակցութիւն` Մայրենիի Օրուան Ընդառաջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/Մայրենիի-օր.jpg)
Փետրուար 19-ին, ժամը 15:00-ին ՀՀ ԳԱԱ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին մէջ (Հասցէ` Գր.Լուսաւորիչ 15, 2-րդ յարկ) ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին հետ համատեղ Մայրենիի օրուան ընդառաջ տեղի պիտի ունենայ «Հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան արդի հիմնահարցեր» խորագիրով հանրապետական խորհրդակցութիւն:
Ելոյթներով հանդէս պիտի գան ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեան, ՀՀ ԳԱԱ ՀՀԳԲ ակադեմիկոս – քարտուղար Եու.Սուվարեան, ՀՀ ԳԱԱ ԼԻ տնօրէն Վ.Կատուալեան եւ այլք:
Ձեռնարկին պիտի մասնակցին անուանի լեզուաբաններ, Համալսարաններու-ներկայացուցիչներ:
Պիտի քննարկուին հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան հարցեր, պիտի ներկայացուին հանրապետութեան գիտակրթական հաստատութիւններուն մէջ մայրենիի հետազօտութեան տարբեր ուղղութիւններն ու եղանակները, պիտի յստակեցուին առկայ խնդիրները եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները: