Լոս Անճելըսի Մարաթոնի Մասնակցութիւն՝ Սուրիահայութեան Զօրակցելու Համար

Սոնա Արապեան 50ամեայ մայր մըն է, որ մասնակցութիւն բերելով Փետրուար 14ին կայացած Լոս Անճելըսի Մարաթոնին՝ Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինին (SARF) նեցուկ կանգնող խմբակի միւս անդամներուն հետ, սուրիահայերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները լուսարձակի տակ առաւ՝ միաժամանակ շեշտելով անոնց օգնութիւն տրամադրելու նպատակով Կիրակի, Փետրուար 21ին կայանալիք պատկերասփիւռային դրամահաւաք-թելեթոնին մասնակցելու կարեւորութիւնը։

Նշենք, որ ցարդ 38 մարաթոններ ամբողջացուցած եւ քաղցկեղը յաղթահարած Սոնա Արապեանը անցեալ Նոյեմբերին նոյն նպատակով մասնակցած էր նաեւ Նիւ Եորքի մարաթոնին, որմէ խանդավառուած՝ կրցած էր 8 հոգինոց խումբ մը գոյացնել, մասնակցելու համար Լոս Անճելըսի մարաթոնին, որուն մասնակիցներուն թիւը 20,000էն աւելի է։

Խումբը Փոքրիկ Հայաստանի մէջ դիմաւորուած է ՀՄԸՄի սկաուտներու կողմէ, որոնք կը կրէին Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինի պաստառը։ Սկաուտներու այս նախաձեռնութիւնը համակարգած է Միքայէլ Սրուրեան։

Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինի պատկերասփիւռային դրամահաւաքը պիտի սփռուի Փետրուար 21ին, կ.ե. ժամը 2էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8, պատկերասփիւռի հետեւեալ կայաններէն՝ «Horizon», «USArmenia», «ARTN/Shant», «PanArmenianTV», ինչպէս նաեւ՝ համացանցով։ Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ նուիրատուութիւն կատարելու համար, այցելել www.syrianarmenianrelieffund.orgկայքը, կամ դիմել (866) 888-7273 թիւին։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up