Սուրիահայութեան Ի Նպաստ Հաւաք՝ Պոլսահայ Միութեան Կեդրոնին Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/պոլսահայ-միություն.jpg)
Սուրիահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու նպատակով, Պոլսահայ միութիւնը յատուկ դրամահաւաք մը պիտի կազմակերպէ. հաւաքէն գոյացած գումարը պիտի նուիրուի ՍԱՐՖի վերոնշեալ պատկերասփիւռային դրամահաւաք-թելեթոնին։
Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Պոլսահայ միութեան կեդրոնի մէջ, Հինգշաբթի, Փետրուար 18ին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 342-0110 թիւին։
Պոլսահայ միութեան կեդրոնի հասցէն է՝ 19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306։
Այս մասին կը յայատնէ Ասպարէզ: