Թրքական ապահովութեան ուժերու յատուկ ջոկատներ ներխուժած են Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին՝ «Հաւատքի վերադարձնելու համար անհաւատները»

Որքան ալ թրքական ոստիկանութեան պաշտօնական հասցէն չկրէ, այդուամենայնիւ «Թրքական ոստիկանութիւն» իր անուանումով՝ գոնէ անոր ներկայացուցիչը կամ առնուազն համակիրը ըլլալու հանգամանքը մատնող «Թուիթըր»ի հասցէին (երկրի մը մէջ, ուր համացանցը խիստ հսկողութեան ենթակայ է), կը տեսնենք եկեղեցի ներխուժած թուրք բանակայինի մը  լուսանկարը, ուր յատկապէս ուշադրութիւն կը գրաւէլ «հերոս»ին «գորշ գայլերու» իւրայատուկ ձեռքի շարժումըլ: Եւ աւելին. անոր կցուած երկտողին մէջ կը տրուի հետեւեալ «լուսա»բանութիւնը.- «Տիյարպաքըր՝ Սուր. Ալփարսլան Սուլթանին թոռները հաւատքի կը վերադարձնեն եկեղեցիներու անհաւատները»: Ինչպէս կ՚երեւի լուսանկարը ընկերային ցանցին վրայ դրուած է 2016 Փետրուար 12ի իրիկունը:
Այս առթիւ, «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան պատասխանատու մը Փարիզէն կապ հաստատած է այն անձին հետ, որու վստահուած է եկեղեցւոյ ժամկոչութեան պաշտօնը: Ըստ իրեն, Տիգրանակերտի քաղաքապետարանին մէջ գործող ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գրասենեակը տեղեակ է կացութեան բայց ոեւէ մէկը որեւէ բան չի կրնար ընել, որովհետեւ Սուրի մէջ 74 օրէ ի վեր հաստատուած է արտակարգ իրավիճակ:
«Երկիր եւ Մշակոյթ»ի պատասխանատուն մեկնաբանելով իրավիճակը, կ՚ըսէ. «Չեմ գիտեր, թէ արդեօք կարելի՞ է որեւէ բան ընել, նկատի ունենալով որ Եւրոպան ոչինչ կ՚ընէ կանխելու համար ջարդը։ Ո՜ւր մնաց եկեղեցին…»։

Այս մասին Կը յայտնէ Նոր Յառաջ:

Scroll Up