Անթառամ Ծաղկեպսակներ
Հեռախօսս զնգաց:
Միւս ծայրը “Սուրիոյ Հայ Օգնութեան Հիմնադրամ”-ի (SARF) ատենապետ Պրն. Ջոն Թիթիզեանն է.
– Բարև Լենա… բարեկամներէս Պետրոս Ղազարեանը մահացաւ: Ննջեցեալին հարազատներուն ցանկութիւնը այն թէ` փոխան ծաղկեպսակի հանգանակուած իննը հազար դոլար գումարը յատկացուի Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած Սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն, ձեր կազմակերպութեան կը վստահիմ այս պարտականութիւնը:
Պահ մը կարկամեցայ, առաջ ցաւակցութիւն յայտնէ՞ի թէ շնորհակալութիւն այս տխուր բայց միաժամանակ ուրախ լուրը լսելուս համար :
Պատշաճութիւնը կատարելէ ետք հիացմունքը պատեց զիս: Հիացմու՛նք ողբեցեալի հարազատներուն հոգիի վեհանձնութեա՜ն նկատմամբ, վեհանձնութիւն զոր կարող է վիշտը բարեգործութեաբ ամոքել ու հազարաւոր մղոններ հեռաւորութեան վրայ գտնուելով հանդերձ կարեկցիլ տեղահանուած ազգակիցներուն:
Տօնական օրերու նախաշէմին,սոյն գումարով կեդրոնս հնարաւորութիւն ունեցաւ 400 Սուրիահայ ընտանիքներու տասը տեսականի պարունակող պարենային զամբիւղներով ապահովել, ինչպէս նաեւ 21 ընտանիքներ անհրաժեշտ կենցաղային պարագաներով օժտել եւ 3 ընտանիքներու բնակարանը տօնածառերով զարդարել:
Հիացմունքիս չափ ալ մեծ էր հոգեկան բաւարարութիւնս լսելով օգտուողներուն աղօթքն ու ամանօրեայ բարեմաղթութիւնները առ ողբեցեալի հարազատներուն եւ կազմակերպիչներուն:
Թող կարեկցանքի ջերմութենէն բխող ամեն մի ցաւակցան խօսք որպէս անթառամ ծաղկէպսակ զարդարէ հանգուցեալի շիրիմը ու համբերութիւն պարգեւէ անոր հարազատներուն:
Գուցէ եւ օրինակը դառնայ վարակիչ:
Լենա Հալաճեան
Սիրիահայերի Հիմնախնդիրները Համակարգող Կենտրոն ՀԿ
Երեւան