ԱՄՆ Դպրոցներուն Մէջ Յայտարարուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայով Շարադրութեան մրցոյթ
Միացեալ Նահանգներու աւագ դպրոցներուն եւ քոլեճներուն մէջ յայտարարուած է Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով շարադրութեան մրցոյթ` աջակցելու 2016 թուականի Ապրիլ 24-ին Նիւ Եորքի Թայմս Սքուերի Մեծ Եղեռնի 101-րդ տարելիցի նախաձեռնութեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ MassisPost-ը:
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչներն են «Վարդանի ասպետներ եւ դուստրեր» (Knights & Daughters of Vartan), միջազգային «Առերեսուելով պատմութեանն ու մենք մեզի» (Facing History and Ourselves) եւ Հայկական եղբայրական կազմակերպութիւնը (Armenian fraternal organization) կազմակերպութիւնները:
Յաղթողները պիտի որոշէ նախապէս ընտրուած դատական կազմը: Կը նախատեսուի, որ Առաջին հանդիսոցող անձը պիտի ստանայ 300 տոլար պարգեւ, 2-րդը՝ 200 տոլար եւ 3-րդը՝ 100 տոլար: Յաղթողներուն անունները պիտի ընթերցուին Ապրիլ 24-ին Times Square-ի մէջ, ուր անոնց պիտի տրուի նաեւ հնարաւորութիւն կարդալու իրենց ստեղծագործութիւնները:
Շարադրութիւննրը կ՛ընդունուին april24nyc@gmail.com հասցէով մինչեւ 2016 թուականի Ապրիլ 1: