ՀԲԸՄի Երիտասարդ Արհեստավարժներու Ձմեռնային Հաւաքը՝ Ի Նպաստ Սուրիահայութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/0000AGBU-YP-W2016.jpg)
Նախաձեռնութեամբ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներ կազմակերպութեան (AGBU-YPNC), Փետրուար 12-14ի շաբաթավերջը, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ կազմակերպութեան 16րդ ձմեռնային հաւաքը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի սուրիահայութեան կարիքները հոգալու ջանքերուն։
Քաղաքին մէջ շարք մը հաւաքոյթներու կողքին, այս նախաձեռնութեան արձանագրուողները քաղաքին մէջ եւ ապա հռչակաւոր Սոնոմա հովիտի գինիները համտեսելու շրջապտոյտներու պիտի մասնակիցին։
Ձմեռնային հաւաքին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել agbusfgala@gmail.com հասցէին կամ այցելել www.agbusfwintergala.org կայքը։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: