«Հայրենի՛քն Է Մեր Ամենամեծ Հարստութիւնը». Ժագ Քէյվանեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/Amusinner.jpg)
Սուրիահայերու այն տունը, ուր այցելեցի, դեռեւս հանուած չէր հսկայական ու ճաշակով զարդարուած տօնածառը, մարդահասակ, ժպտադէմ ձմեռ պապը (որոնք, ինչպէս տանտիրուհին ըսաւ, Սուրիայէն բերած իրենց միակ ու ամենասիրելի իրերն են): Բարեհամբոյր տանտէրերէն պակաս ուրախ չէր նաեւ անոնց մարդամօտ շնիկը, որ անվերջ կը պտտէր շուրջս եւ պոչիկով կ’արտայայտէր իր ուրախութիւնը: Բազմաթիւ սուրիահայերու հետ ըրած հարցազրոյցներուս ընթացքին ինծի միշտ զարմացուցած ու հիացուցած է ծննդավայրէն զրկուած, տուն ու տեղ, հարազատներ, ծանօթներ կորսնցուցած ըլլալու դժբախտութիւնը ճաշակած այդ մարդոց լաւատեսութիւնը, հաւատքն ու աննկարագրելի հայրենասիրութիւնը: Քէյվանեանները Հայաստան տարիներ շարունակ իրենց երազներուն փայփայած հայորդիներ են, որոնք, նախքան սուրիական պատերազմը, այցելած են Հայրենիք եւ որոշած հաստատապէս տեղափոխուիլ Հայաստան: Ցանկութիւնը իրականութիւն դարձած է եւ մայրաքաղաքի Արգաւանդ կոչուող թաղամասին մէջ իրենց նոր բոյնը հիւսած են, նոր կեանք սկսած Սեւան եւ Ժագ Քէյվանեանները իրենց որդիին` Ճորճիոյի (Գէորգի) հետ:
Սեւան Մելքոնեան-Քէյվանեան – 5 տարի առաջ, երբ դեռ սուրիական պատերազմը չէր սկսած, մենք արդէն որոշած էինք տեղափոխուիլ Հայաստան: Տուն մը վերցուցած էինք Հայաստանի մէջ, որպէսզի ամրանը գանք այստեղ եւ մնալու տեղ ունենանք: 5 ամիս յետոյ սկսաւ պատերազմը, եւ մենք ուզեցինք երթալ վաճառել Հալէպի մեր տունը, բայց չկրցանք եւ, փառք Աստուծոյ, որ մենք Հայաստանի մէջ արդէն տուն ունէինք: 1-2 տարի աշխատանք չկար: Մեր տան դիմաց բակ ունինք, ուր տնակ կայ, որ վերածեցինք առեւտուրի փոքրիկ կէտի եւ սկսանք ուտելիքներ պատրաստել ու վաճառել: Շատ յաճախորդներ ունէինք, գոհ էին մեր պատրաստած ուտելիքէն: 6 ամիս աշխատեցանք, յետոյ ինչ-ինչ պատճառներով դադրեցուցինք առեւտուրը: Ես Հալէպի մէջ չէի աշխատիր, որովհետեւ ամուսինս` Ժագը, մեքենայի անիւներու մասնագէտ էր, շատ լաւ կը վաստակէր եւ ապրելու խնդիր չկար: Սովորաբար Սուրիոյ մէջ կանայք գրեթէ չեն աշխատիր: Ամուսինս չէր ձգեր, որ ես աշխատէի: Երբ եկանք Հայաստան, Ժագը աշխատանք չունէր: Ես փորձեցի առեւտուրով զբաղիլ` հագուստ, արդուզարդ վաճառել եւ օգնել ամուսնուս, ընտանիքիս: Ամուսնուս ինքնաշարժով սկիզբը կը շրջէինք եւ կը փորձէինք վաճառել հագուստեղէնը, իսկ հիմա ինքնաշարժի կարիք չկայ, որովհետեւ արծաթեղէն միայն կը վաճառեմ. կը շրջիմ ինծի արդէն ծանօթ վայրերով, խանութներով` վաճառելու արծաթէ զարդերը: Ունիմ իմ յաճախորդներս: Փառք Աստուծոյ, գոհ եմ: Երջանիկ եմ, որ կ’ապրինք մեր Հայրենիքին մէջ: Մեր զաւակը 12-ամեայ Ճորճիոն` Գէորգը (կեսրայրիս անունը կը կրէ), 3 տարեկան էր, երբ տեղափոխուեցանք Հայաստան: Տղաս կը յաճախէ Մոնթէ Մելքոնեանի անուան դպրոցը, քարաթէի դասընթացներու կը հետեւի, կիթառ կը նուագէ: Ամուսինս synthesizer կը նուագէ, ես կ’երգեմ. փոքրիկ նուագախումբ մը ունինք տունը: Ես շատ կը սիրեմ, երբ տունը երգ-երաժշտութեան ձայներ կը լսուին եւ կը կարծեմ, որ ատիկա ուրախութիւն ու յաջողութիւն կը բերէ իւրաքանչիւր ընտանիքի: Տուն ունիմ, Հայրենիք ունիմ, լաւ ընտանիք, հարազատներ. ալ ի՞նչ պէտք է մարդուն երջանիկ ըլլալու համար: Միայն մէկ բան ինծի ցաւ կը պատգճառէ, որ Սուրիոյ մէջ ձգած եմ ծնողներուս թանկ շիրիմները: Երեւի այնտեղէն երկու բուռ հող բերեմ եւ այն մեր այգիի ծառերուն տակ լեցնեմ. ծառերու ծաղկումով ծնողներս մօտ կ’ըլլան ինծի եւ կը կենդանանան:
Ժագ Քէյվանեան – դեռեւս պատերազմը չսկսած` ես ուզեցի Երեւանի մէջ հողատարածք մը գնել, շէնք կառուցել, վարձով բնակարաններ տալ, խանութներ սարքել, սակայն չի յաջողեցանք: Հողամաս գնեցի, հիմա ալ այն կայ, սակայն որեւէ բան չեմ կառուցած: Հալէպի մէջ ունեցած խանութս աւերուեցաւ, սակայն մեր տունը պահպանուած է, փոքր եղբայրս եւ մայրս դեռեւս այնտեղ են: Հալէպի մէջ մեր տունը կը գտնուի Շէյխ Թահար թաղամասին մէջ` Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց: Կնոջս ծնողները մահացած են, իսկ քոյրերն ու եղբայրները պատերազմի պատճառով տեղափոխուած են Հայաստան: Մենք Ամերիկայի մուտքի արտօնագիր ունէինք, անձնագիր եւ կրնայինք երթալ Միացեալ Նահանգներ, սակայն գերադասեցինք հաստատուիլ Հայրենիքի մէջ: Կարեւոր է, որ մենք ապահով ենք, անվտանգ: Տարիներ առաջ, երբ ես կ’ուզէի տեղափոխուիլ Հայաստան, շատերը կ’ըսէին` դուն հոստեղ շատ լաւ վիճակի մէջ ես, ի՞նչ գործ ունիս Հայաստան… Ըսի` Հայաստա՛նն է մեր Հայրենիքը. հարստութիւնը միայն փողի մէջ չէ, Հայրենի՛քն է մեր հարստութիւնը: Եղբայրս 2001 թուականէն Ամերիկա է, ինծի ալ կը կանչէր, որպէսզի միասին գործ սկսէինք: Ի հարկէ, ես գացի Ամերիկա, սակայն այնտեղ հաստատուելու մասին խօսք չէր կրնար ըլլալ: Արդէն 13 տարի է, որ եղբայրս ընտանիքով ԱՄՆ-ի մէջ է, բայց անոնք դեռեւս քաղաքացիութիւն չեն ստացած, իսկ Հայաստանի մէջ ես 1-2 օրուան մէջ ստացայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիր. ո՞ր երկիրը կու տար: Ես կը հիանամ Հայաստանով ու Երեւանով, տեղացիներն ալ շատ լաւ մարդիկ են, ուրախ եմ, որ շուրջբոլորս հայեր են: Մենք կ’ուզենք, որ բոլոր հայերը իրար սիրեն, բարեացկամ ըլլան իրարու հանդէպ, շէն պահեն իրենց ընտանիքներն ու մեր սուրբ երկիրը:
Ճորճիօ (Գէորգ) Քէյվանեան – ես ալ ծնողքիս պէս կը սիրեմ Հայաստանն ու Երեւանը, մեր տունը: Շատ երջանիկ եմ մեր Հայրենիքին մէջ: Ես այստեղ շատ ընկերներ ունիմ` սուրիահայեր եւ երեւանցիներ: Սիրով կը յաճախեմ Մոնթէ Մելքոնեանի անուան դպրոցը, կը սիրեմ հայոց պատմութիւնը, մեր լեզուն ու գրականութիւնը: Դեռ չեմ որոշած, թէ ինչ պիտի դառնամ, բայց Հայոց բանակին մէջ հաստատ պիտի ծառայեմ:
12-ամեայ Գէորգի հաստատակամ խօսքերով ալ կ’աւարտէ մեր զրոյցը, եւ ես, շատ տպաւորուած, հրաժեշտ կու տամ Քէյվանեաններու գեղեցիկ եռանկիւնին, ոտքերուս շուրջ պտտող շնիկին, պարոն Ժագի պտղատու ծառերով հարուստ այգիին, այգիի ծայրը գտնուող Ժագի փոքրիկ արհեստանոց-արուեստանոցին, ուր անոր ձեռքի գեղեցիկ աշխատանքներն են, հրաժեշտ կու տամ Սեւանին (ի դէպ, իմ այցս համընկաւ անոր ծննդեան օրուան) անուշ ձայնի ելեւէջներուն` «Ծփում է Սեւանը, ժպտում է Սեւանը… ծաղիկներ, ծաղիկներ..՜» յայտնի երգի ինքնաբուխ կատարմամբ:
Կարինէ Աւագեան