Սլովաքիոյ Քոշիցէ Քաղաքին ՄԷջ Հայկական Խաչքար Օծուած Է. Լուսանկարներ

Յունուար 31-ին Սլովաքիոյ Քոշիցէ  քաղաքի Սուրբ Եան Միլոստիւիի (sv. Jána Milostivého) ուղղափառ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն, որ մացուցեցին Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ մեթրոպոլիտ Ռաստիսլաւը   եւ Միխայէլովիցէի եւ Քոշիցէի արքեպիսկոպոս Եուրա Ստրանիսկը: Այս մասին, ըստ «Հայերն այսօրի»,կը  յայտնէ Չեխիոյ «Օրեր» պարբերականը:

Պատարագը ուղիղ եթերով հեռարձակուեցաւ Սլովաքիոյ հեռուստատեսութեան 2-րդ ալիքով: Պատարագին ներկայ էին ինչպէս Քոշիցէի բազմաթիւ հաւատացեալներ, այնպէս ալ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Պատարագին հետեւեցաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հայկական խաչքարի օծման կարգը, որուն մասնակցեցան նաեւ Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ մեթրոպոլիտ Ռաստիսլաւը,ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ  Անոյշաւան եպիսկոպոս Ժամկոչեանը, Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սքանտինաւեան երկիրներու հայրապետական պատուիրակ Տիրան վարդապետ Պետրոսեանը, Հունգարիոյ, Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վարդապետ Փիլաւչեանը: Պաշտօնական հրաւէրով ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան:

Խաչքարի օծման արարողութեան Ս.Փեթերսպուրկ  ժամանած էր պատկառելի պատուիրակութիւն`  բարերար Հրաչեայ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ: Վերջինս հոգացած էր խաչքարի պատրաստման,տեղափոխման եւ տեղարդման ծախսերը:

Խաչքարի տեղադրման գաղափարը ծագած էր դեռեւս անցեալ տարի Ապրիլին Երեւանի մէջ` ԵՊՀ աստուածաբանութեան բաժանմունքի տնօրէն Անոյշաւան եպիսկոպոս Ժամկոչեանի եւ Միխայէլովիցէի եւ Քոշիցէի արքեպիսկոպոս Գէորգիի(Եուրայի)  հանդիպման ժամանակ:

Խաչքարի օծումէն ետք, տրուեցաւ պաշտօնական ճաշ, որմէ ետք հոգեւոր դասը Հայաստանի  դեսպանին հետ այցելեց Քոշիցէ  բնակող հայ գործարար Ժորա Չուկուրեանի գործարարութեան տարածք, ուր անոր ուժերով կառուցուած է հայկական մատուռ:

pravoslávna archijerejská svätá liturgia v Košiciachpamätník obetiam genocídy arménskeho národa pamätník obetiam genocídy arménskeho národa 5

Scroll Up