33 Տարի Առաջ Այս Օրը Թուրքիոյ Մէջ Մահապատիժի Ենթարկուեցաւ ASALA-ի Մարտիկ Լեւոն Էքմէքչեանը

Այսօր` Յունուար 28-ին, «Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի (ASALA)» մարտիկ, վրիժառու Լեւոն Էքմէքչեանի մահուան օրն է: ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` թրքական «Dֆnyabֆlteni լարտուակայքին մէջ տեղ գտած «Պատմութեան մէջ այս օրը» վերնագիրով յօդուածին մէջ տարբեր տարիներու Յունուար 28-ին տեղի ունեցած նշանակալից իրադարձութիւններու թիւին մէջ անդրադարձ կատարուած է  նաեւ Լեւոնի թեմային:

ASALA-ի «Խրիմեան Հայրիկ» ջոկատի անդամ Լեւոն էքմէքչեան մահուան  դատապարտուած է 1982թ Սեպտեմբեր 7-ին` թրքական ռազմական դատարանի որոշմամբ: Մահապատիժը իրագործուած է 1983 թուականի Յունուար 28-ին: Անոր աճիւնը ամփոփուած էր Անգարայի Ճէպէճի Ասրի գերեզմանատան մէջ:

Լեւոն Էքմէքչեան 1982 թուականի Օգոստոսի 7-ին մասնակցած էր Անգարայի Էսենպողայի օդակայանին մէջ իրականացուած «Կարին» գործողութեան: Գործողութեան ընթացքին վիրաւորուելով` գերեվարուած էր ուշագնաց վիճակի մէջ:

Երեք տարի առաջ Էքմէքչեաններու ընտանիքը Լեւոնի աճիւնը Փարիզ տեղափոխելու խնդրանքով դիմած էր Թուրքիոյ պատկան մարմիններուն: Բոլորովին վերջրերս Էքմէքչեաններու դիմումը բաւարարեց, եւ Լեւոնի աճիւնը տեղափոխուեցաւ Փարիզ:

Scroll Up