Հեռուստակամուրջ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Եւ Լոս Անճելըսի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

Յունուար 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ԱՄՆ Կլենտէյլ քաղաքի Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան մասնակցութեամբ կազմակերպուեցաւ հեռուստակամուրջ, որ ուղիղ կը հեռարձակուէր Կլենտէյլի հայկական «ԷյԷյՊիՍի-հայ Վիժըն» հեռուստատեսութեամբ` սփռուելով նաեւ Մեքսիքայի եւ Գանատայի տարածքներուն մէջ: Հայաստանէն տեսաժողովին կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, Համահայկական ծրագիրներու եւ Ամերիկայի հայ համայնքներու վարչութիւններու եւ նախարարութեան այլ աշխատակիցներ: Կլենտէյլէն կը մասնակցէին Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան վարչութեան նախագահ Վահիկ Ծատուրեան, կրթական հաստատութեան տնօրէն Օֆելեայ Ծատուրեան, հայոց լեզուի ուսուցիչներ Սիրանոյշ Բակունցը եւ Կարինէ Պապայեանը, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի անդամ Վարդան Կարպետեանը, Կլենտէյլի կրթական խորհուրդի անդամ Արմինէ Կարպետեանը, Պըրպանքի կրթական խորհուրդի անդամ Արմոնտ Աղախանեանը, Պալպոայի եւ Թոմաս Ճեֆերսոն տարրական դպրոցներու տնօրէնններ Սոնա Առաքէլեանը եւ Մարինէ Աւագեանը, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի խորհուրդի անդամ Մարատ Հայրապետեանը, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հիւպատոս Արմելլա Շաքարեանը եւ այլք:
Քննարկուեցան ԱՄՆ պետական դպրոցներ յաճախող հայ աշխակերտներուն համար հայոց լեզուի իմացութեան ու պահպանման ուղղուած աշխատանքները, սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներուն, հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներուն աշխոյժ մասնակցութիւն ապահովելու հարցերը:
Ողջունելով տեսաժողովի մասնակիցները` նախարար Հ. Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց. «Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութիւնը խոշոր եւ կարեւոր հաստատութիւն է, միաւորում է շուրջ երեք տասնեակ դպրոցներ եւ հայապահպանական կարեւոր գործունէութիւն է իրականացնում: Այսօր դժբախտաբար վտանգուած է մեր լեզուն, ձուլման գործընթացն աւելի է արագացել: Եւ մենք խոնարհւում ենք այն մարդկանց առջեւ, ովքեր մտահոգուած են այս հարցով, համախմբւում են, որ պահեն, պահպանեն լեզուն: Յատկապէս Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութիւնը, որ կարողանում է նաեւ օտար դպրոցներում հայոց լեզուի պահպանման ծրագրեր իրականացնել: Մեր ազգի առջեւ ծառացած կարեւոր խնդրի լուծմանն են ուղղուած նաեւ մեր նախարարութեան շատ ծրագրեր: Կը ցանկանայի, որ «Սփիւռք» ամառային դպրոցի ուսուցիչների վերապատրաստման դասընթացներին մասնակցեն նաեւ Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան բոլոր 29 դպրոցների ուսուցիչները: Կարեւոր ծրագրերից է նաեւ հայերէնի արագացուած ուսուցման դասընթացները: Սիրով հրաւիրում ենք Հայրենիք` անվճար կատարելագործելու հայերէնի իմացութեան մակարդակը: Կարեւոր է, որ կրթական գործի կազմակերպիչները ուշադրութիւն դարձնեն նաեւ «Արի տուն» ծրագրին: Ծրագրի ընթացքում ստեղծւում է հետաքրքիր միջավայր, աւելի քան 30 երկրների երեխաները հանդիպում են Հայրենիքում, ծանօթանում են միմեանց հետ, կապւում են Հայաստանի հետ: Շատերը յետոյ գալիս են Հայաստան` ուսումը շարունակելու, իրենց հետ բերում են ընկերներին, ծնողներին: Եւ, որ շատ կարեւոր է, սովորում են հայերէն, ծանօթանում են հայոց պատմութեանը, մշակոյթին: Այս տարի նշելու ենք Հայաստանի անկախութեան 25 ամեակը: Ուզում եմ յիշէք ու հպարտանաք, որ 12 միլիոնանոց ազգ են, ուժեղ ենք, հզօր եւ միասնաբար պէտք է ամէն ջանք ուղղենք հայի, Հայաստանի շէնացմանը»:
Հայապահպանութեան խնդիրներու մասին խօսեցաւ Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան նախագահ Վահիկ Ծատուրեան: Ան համառօտ ներկայացուց հաստատութեան գործունէութեան նպատակներն ու հիմնական ուղղութիւնները, նշեց, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ մեծ թիւով հայ աշակերտներ կը յաճախեն ամերիկեան պետական եւ մասնաւոր դպրոցներ եւ անոնց ուծացման վտանգը առաւել մեծ է: Հեռուստակամուրջին մասնակցող ուսուցիչները նշեցին, որ Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութիւնը ամերիկեան դպրոցներու հայ աշակերտներուն համար շաբաթական երկու օր կը կազմակերպէ հայոց լեզուի եւ պատմութեան դասընթացներ` չորս ժամ տեւողութեամբ: Մէկ այլ ծրագիրով Քալիֆորնիոյ դպրոցներուն մէջ կրթական ծրագիրով նախատեսուած առարկաներու 50%-ի ուսուցումը կը կազմակերպուի հայերէնով: Հայապահպանութեան, հայերէնի ուսուցման գործին մէջ կարեւոր համարուեցաւ նաեւ ծնողներու, ընտանիքի դերը, եղան հետաքրքիր առաջարկներ ու հարցադրումներ:
Հայերէնի ուսուցման նրբութիւններուն մասին խօսեցաւ Կրթութեան ազգային ինստիտուտի մասնագէտ, հայոց լեզուի մեթոտիստ բ.գ.թ.Գայեանէ Մկրտչեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները ներկայացուցին նախարարութեան աշխատակիցները: «Արի տուն» ծրագիրին մասին խօսեցաւ աշխատակազմի ղեկավար Ֆ. Զաքարեան: Ծրագիրին մասին հետաքրքիր յուշեր պատմեց Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան տնօրէն Օֆելեայ Ծատուրեան: Մասնաւորապէս նշելով, որ «Արի տուն» ծրագիրը շրջադարձային եղաւ իր որդիին կեանքին մէջ, քանի որ ան կապուեցաւ Հայրենիքին եւ մայրենիին հետ եւ այժմ կը շարունակէ խորացնել գիտելիքները հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան ասպարէզին մէջ եւ կապերը արիտունցիներուն հետ: Օֆելեայ Ծատուրեան հիացմունքով նշեց, որ «Արի տունը» իրականութիւն է եւ հպարտութիւն: «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի 2016թ գործունէութիւնը ներկայացուց ծրագիրի ղեկավար ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու ինստիտուտի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան:
Ամփոփելով հանդիպումը` Հ.Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց հետաքրքիր հարցադրումներուն ու միտքերուն համար: Ան մասնաւորապէս նշեց «Շնորհակալ եմ նաեւ հեռուստաալիքին` այս հետաքրքիր հնարաւորութիւնը ստեղծելու համար, նաեւ հեռուստադիտողների բազմահազարանոց լսարանին ու հանդիպման մասնակիցներին` ազգի, պետութեան, ժողովրդի համար անչափ կարեւոր թեմային անդրադարռնալու համար: Մեր նախարարութիւնը սփիւռքի հետ աշխատում է «Ճանաչել, վստահել, գործակցել» նշանաբանով: Որքան շատ ենք ճանաչում միմեանց, այնքան աւելի վստահում ենք իրար եւ աւելի շատ ծրագրեր ենք իրականացնում միասին: Այս տարի Համաշխարհային հայկական կոնգրէսն աւանդաբար անցկացնում է Հայաստանի եւ Արցախի 25 ամեակին նուիրուած մրցանակաբաշխութիւն: Շարադրութիւնների եւ նկարների մրցոյթին կարող են մասնակցել նաեւ ձեր հաստատութեան աշակերտները: Ուզում եմ ընդգծել Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան կատարած մեծածաւալ աշխատանքը, եւ եթէ կարողանանք պէտք է փորձենք ընդլայնել մեր դպրոցների թիւը: Կոչ եմ անում 2016թ բոլորիս ջանքերը նպատակաուղղել դպրոցների թիւն աւելացնելուն, հայոց լեզուն պահպանելուն: Չէ˚ որ ինչպէս իրաւացիօրէն նկատել է Մեծ Ճ. Պայրոնը, Աստծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն հայերէնն է: Պահենք, պահպանենք այն, որ կարողանանք հաղորդակցուել Աստծոյ հետ»: