Այսօր Երեկոյեան Սուրիահայ Եւ Տեղաբնակ Երիտասարդները Կը Նշեն Սուրբ Սարգիսի Տօնը

Յունուար 22-ին` ժամը 18:30-ին, Համաշխարհային հայկական երիտասարդական Ոստայնը եւ «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը կը հրաւիրեն միասին նշելու երիտասարդներու եւ սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգսին նուիրուած տօնը:

«Ազգային երգը իր ժամանակակից մօտեցմամբ, ազգային պարը, հետաքրքրաշարժ մրցութային խաղերը, քահանայի մեկնաբանութիւնը տօնի խորհուրդի եւ այն նշելու արարողակարգի մասին, թեմատիկ նուէրները, եւ, վերջապէս, ազգային աւանդոյթը ներկայացնող աղի բլիթի բաժանումը կը խոստանան ապահովել բարձր տրամադրութիւն: Իսկ տեղաբնակ եւ սուրիահայ երիտասարդները համատեղ հանդէս կու գան ազգային երգի եւ պարի կատարումներով, կը ներկայացուի Քեսապի պարը»,-ըստ «Հայերն այսօր»-ի` ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ձեռնարկի վայրը` ք. Երեւան, Վարդանանց 8ա («Հայ ջրմուղ կոյուղի» ՓԲԸ-ի շէնք), ժամը` 18:30:

Ձեռնարկի ՄՈՒՏՔԸ ԱԶԱՏ է:

Ձեռնարկի աջակիցներն են` Արարատեան Հայրապետական թեմ, Երիտասարդական ակումբներու դաշնութիւն, «Հայկական Փի Ար ասոցիացիա» գիտատեղեկատուական ՀԿ:

Մանրամասնութիւններու համար  զանգահարել 077 10 53 28 կամ 055 38 73 37 հեռախօսահամարներուն:

Scroll Up