Համադպրոցական Մրցաշար Սուրիոյ Մէջ՝ ՀՄԸՄ-ի Նախաձեռնութեամբ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/ՀՄԸՄ-300x225.jpg)
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Սուրիոյ կեդրոնական մարմնի հովանաւորութեամբ, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահան սրբազան Արք. Սարգիսեանի նախագահութեամբ եւ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան մարզական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ 2015 թուականի Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն տեղի պիտի ունենայ հայկական համադպրոցական մրցաշար` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Մրցաշարը կ’ընդգրկէ հինգ մարզաձեւ` ֆութպոլ, պասքէթպոլ, փինկփոնկ, ճատրակ եւ վազք: Մրցաշարի ամենօրեայ լուրերուն եւ նորութիւններուն կրնաք հետեւիլ ՀՄԸՄ Սուրիոյ պաշտօնական կայք-էջէն: