ԱՄՆ-ի Մէջ Լոյս Տեսած Է «Հրանդ Տինք. Թուրքիոյ Համրերու Հայ Ձայնը» Անգլերէն Վէպը

ԱՄՆ-ի մէջ լոյս  տեսած է 2007թ. սպաննուած պոլսահայ լրագրող, Թուրքիոյ հայկական «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի  մասին պատմող առաջին ծաւալուն կենսագրական վէպը:

ermenihaber.am-ը կը գրէ, որ համաձայն թրքական «T24» լրատուակայքի ` Մաուրին Ֆրիլէի կողմէ անգլերէն թարգմանուած գիրքի թրքերէն տարբերակը կը կոչուի «Հրանդ», հեղինակը Թուպա Չանտարն է: Անգլերէն թարգմանութիւնը լոյս  տեսած է «Hrant Dink: An Armenian Voice of the Voiceless in Turkey / Հրանդ Տինք. Թուրքիոյ համրերու հայ ձայնը» վերնագիրով: Ըստ աղբիւրի` 736 էջնոց թրքերէն գիրքը թարգմանուած է կրճատումներով եւ անգլախօս ընթերցասէրին կը ներկայացուի  ընդամէնը 403 էջէ բաղկացած աշխատութեան տեսքով:

Գիրքի հեղինակ Թուպա Չանտար երեք տարի աշխատած է Տինքի կենսագրական տուեալները, անոր մասին մտերիմներու, հարազատներու ու ծանօթներու յուշերը, անոր սակաւաթիւ ստեղծագործութիւններն ու ինքնակենսագրական նշանակութեան յօդուածները ի մի բերելու ուղղութեամբ: Այդ ընթացքին հեղինակը հանդիպած է 125 հոգիի հետ, կատարած շուրջ 200 ձայնագրութիւն:

Գիրքը թրքերէնով լոյս  տեսած է 2010թ. Սեպտեմբեր 15-ին` Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը եւ կարճ ժամանակուան մէջ յայտնուած է Թուրքիոյ մէջ ամենաշատ կարդացուող գիրքերու ցուցակի առաջին հորիզոնականներուն:

Կենսագրականի անգլերէն թարգմանութեան ելեկտրոնային տարբերակը արդէն կը վաճառուի Amazon.com կայքին մէջ, իսկ տպագրուած տեսքով գիրքը գրախանութներուն մէջ կը յայտնուի Յունուար 31-ին:

Scroll Up