Սուրիահայ Գրիգորին Աշխատանքը Երեւանին Կախարդանք Ու Մանուկներուն Ժպիտներ Պարգեւելն Է

«Արմէնփրես»-ի «Բարեւ Հայաստան» նախագիծի յաջորդ հիւրը սուրիահայ Գրիգոր Խարաճեանն է:

Եթէ դուք Երեւանի փողոցներուն մէջ գտնուող մեծ խանութներու, մոլերու կամ մարդաշատ ձեռնարկներու ժամանակ տեսնէք իւրայատուկ կերպով պատրաստուած փուչիկներ ու փուչիկներէ տարատեսակ զարդարանքներ, ապա իմացէք, որ ատոնց մեծ մասը սուրիահայ Գրիգոր Խարաջեանի պատրաստածն է: Magicpuchik. ասիկա Գրիգորին հիմնած ընկերութեան անունն է: Հոս տնօրէնը, աշխատողն ու առաքիչը Գրիգորն է. նպատակն է ոչ միայն բարեկեցիկ կեանք ապահովել իր ընտանիքի անդամներուն, այլ նաեւ կախարդանք ու հեքիաթ պարգեւել մանուկներուն: Արդէն երեք տարիէ Գրիգորը Հայաստան է: Ան զրոյցի ընթացքին պատմած է, որ երբեք չէր մտածեր, որ Հալէպի մէջ յարգուած եւ բարձր վարձատրուող վարպետը օր մը կը զբաղի փուչիկներու գործով:

krikor1

 «Ատիկա կնոջս շնորհքն էր: Հալէպի մէջ ձեռնարկներու ժամանակ միշտ բարեգործական նպատակով փուչիկներ կը պատրաստէր, տօն կը պարգեւէր մանուկներուն: Երբ եկանք Երեւան իմ արհեստովս աշխատանք ճարելը ու աւելի եւս այդ վարձատրութեամբ ընտանիք պահելը անհնար էր: Խնդրեցի կնոջմէս, որ ինծի սորվեցնէ փուչիկներ պատրաստել, ձեւաւորել, գունազարդել, ու երբեմնի «հոպպին» դարձաւ գործ»,- կը պատմէ Գրիգորը:

Կ՛ըսէ` գործի մէջ կարեւորը ոչ միայն ներդրումն ու տաղանդն է, այլեւ մարքեթինկը: «Գրեթէ բոլոր խոշոր ձեռնարկներու ժամանակ ինծի կը պատուիրեն փուչիկներով զարդարանքներ պատրաստել: Իմ գաղափարախօսութիւնս հետեւեալն է` յաճախորդը միշտ ճիշդ է, պատուերը պէտք է կատարել պարտաճանաչօրէն եւ պատասխանատուութեամբ: Յարգել յաճախորդը եւ արժեւորել կատարած աշխատանքը»,- կ՛ըսէ ան­: Գրիգորը կը խոստովանի, որ որեւէ ձեռնարկէ ետք աւելի կ՛ոգեւորուի, քանի որ մարդոց կը պարգեւէ լոյս ու պայծառութիւն, ժպիտներ ու բարձր տրամադրութիւն:  Այս հարցով Գրիգորին կ՛օգնեն իր երկու փոքրիկները: «Անոնց աշխարհը, անոնց խաղերն ու երազանքները կը փորձեմ ամփոփել փուչիկներուն մէջ»,- կ՛ըսէ ան­:

puchig

 Գրիգորը կը պատմէ, որ իր ու իր ընտանիքին համար Հայաստան գալու որոշում ընդունիլը այնքան ալ դժուար չէր. Շատոնց մտադրած էին հայրենիք հաստատուիլ, սակայն հանգամանքները նպաստաւոր չէին: «Դեռ մանկութենէս մեզի կը սորվեցնէին սիրել հայրենիքը, սիրել Հայաստանն ու խօսիլ հայերէն: Ատիկա միայն իմ ընտանիքիս պարագայիս չէ: Հալէպի մէջ ոեւէ  հայ ընտանիք նոյն վերաբերումը ունի Հայաստանի հանդէպ»:

Գրիգորը կը պատմէ, որ Երեւանի մէջ ինքզինք աւելի հանգիստ կը զգայ, չանհանգստանար, երբ կինը առանձին կ՛երթայ աշխատանքի կամ դուստրը փողոցին մէջ կը խաղայ: «Հալէպի մէջ անընդհատ կ՛անհանգստանաս, քանի որ այնքան ալ անվտանգ չէ: Բացի այդ, տարբեր ազգութիւններ կան, չես գիտեր` ի՞նչ կրնայ ըլլալ, իսկ հոս քու երկիրդ է, բոլորը հայ են եւ հանգիստ ես, որ չի կրնար վատ բան տեղի ունենալ»:

Scroll Up