Իմ Յաջողութիւններուս «Օրօրոցը» Հայաստանը Եղաւ. Սուրիահայ Մոտել

«Մոտելի մասնագիտութիւնը եղած է  իմ թաքուն  երազանքներէս մէկը, սակայն  չէի կարծեր, որ այն  իրականութիւն  կը դառնայ իմ իրական հայրենիքիս մէջ»,- WomenNet-ի  հետ զրոյցին կըսէ 2012 թուականին Հալէպէն գաղթած 24-ամեայ Շաղիկ Ռասթգելէնեան, որ այսօր օգնութեան ձեռք կը մեկնէ ոչ միայն իր բախտակից սուրիահայ, այլեւ հայաստանաբնակ անապահով ընտանիքներուն:

Աւերուած ծննդավայրի ցաւն ու սիրած տղուն մահը հարկադրեցին Շաղիկին մօր ու քոյրերուն հետ հեռանալ Սուրիայէն: Երեւանի մէջ  հաստատուելէ ետք Շաղիկը որոշեց շարունակել կիսատ մնացած ուսումը, Եւրոպական  համալսարանի միջազգային  բիզնեսի բաժինը հետեւելուն  հետ մէկտեղ  որոշ ժամանակ աշխատեցաւ «Իրաքեան աւիաուղիներ» ընկերութեան մէջ, որմէ ետք համագործակցելով «Ատեքս»  նորաձեւութեան  կեդրոնին հետ ձեռք  բերաւ  երկրորդ` մոտելի մասնագիտութիւնը: Բարձրահասակ եւ  գեղեցկատես  Շաղիկը մշտապէս մոտելներու առաջին շարքին տեսնելը ընդունուեցաւ  միանշանակ, ուստի զարմանալի չէր, որ Սպանիոյ Ալիքանտէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող  մոտելներու միջազգային  մրցոյթին անոր վստահուեցաւ Կովկասը ներկայացնելու ողջ պատասխանատուութիւնը:

2015 թուականի   գարնան Շաղիկի` Լիբանանի մէջ ապրող ընկերուհին` Ստեֆանի Սանոսեան անոր առաջարկեց  համատեղ իրականացնել  «Live-love-word»  եւ  «Live-love-braslet»  միջազգային  ծրագիրները, որոնց  նպատակն էր համացանցով  / facebook,   instagram/ ներկայացնել որեւէ երկրի պատմական-մշակութային արժէքներն ու բնաշխարհը: Շաղիկի փոխանցմամբ` ծրագիրները կը փորձեն նպաստել զբօսաշրջութեան զարգացման: Այսօր ան սուրիահայ մէկ այլ ընկերուհիի` Սարի Բիւզանդեանի հետ ընկերային ցանցով կ’իրականացնէ «Live-love Armenia» /«Ապրիր, սիրէ Հայաստան»/ նախագիծը, որ արդէն 16 հազար  համակիր ունի: Ի դէպ, Հայաստան մէկ  շաբաթ շարունակ  ներկայացուեցաւ  նաեւ «Live-love-word»  միջազգային  ծրագիրով:

Շաղիկ Ռասթգելէնեանի ծրագիրներուն մէջ  ուրոյն  տեղ ունի բարեգործական  նպատակով սուրիահայ  եւ  տեղացի  անապահով  ընտանիքներուն  օգնելու որոշումն ու իրականացումը: Իր փոքրիկ  խումբին  միջոցով պատրաստած ապարանջաներու  վաճառքէն  ստացուած ողջ գումարը տրամադրեցին  բուրդի  վերամշակման  գործին մէջ  հմտացած սուրիահայ    ընտանիքի մը, որուն  անդամները բուրդը վերամշակելէ ետք  անկէ  գործեցին գլխարկներ եւ  շարֆեր: Ինչպէս    պատմեց Շաղիկը, իրենք  նախապէս որոշած էին, որ գլխարկներն ու շարֆերը վաճառքի  համար չեն, որ ատոնք  նախատեսած են  նուիրել Գիւմրիի Ֆրիտեոֆ Նանսենի անուան մանկատան  սաներուն: Այդպէս ալ  վարուեցան:

shagik-21

Շաղիկի բարեգործական  ծրագիրը այսքանով  չաւարտեցաւ: Հետզհետէ  ընդլայնուող խումբի  կամաւորներուն հետ մէկտեղ Շաղիկը որոշած է իրականացնել որեւէ դպրոցի  կամ  հնամեայ ու անտեսուած եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ մաքրման աշխատանքերը:

– Եթէ  մտածես,  շատ  բան  կայ  ընելու,  միայն  ցանկութիւն եւ կամք  դրսեւորէ եւ սարն  ալ  կը շարժես,-համոզուած է Շաղիկը,-միայն թէ  կարենանք  համալսարաններու երիտասարդները ներգրաւել մեր նախագիծերուն մէջ` բացատրելով անոնց  կարեւորութիւնն ու մարդասիրական նշանակութիւնը:

Շաղիկը  բազմիցս լսած ու կարդացած էր Հայաստանի մասին, միշտ երազած էր տեսնել իր հայրենիքը,  ու ճակատագիրը  գուցէ   «դաժանօրէն.,  բայց  իրականացուց  անոր երազանքը:

– Հիմա, երբ կը տեսնեմ, կ’ապրիմ Հայաստանի մէջ,  չեմ ուզեր, որ ոեւէ  հայ  լքէ զայն: Կ’ուզեմ, որ  բոլորն ալ հոգեհարազատ աշխատանք  գտնեն ու կապուին  հայրենի հողին: Հարկաւ, ես այս  հողէն  ուժ ու զօրութիւն կը ստանամ: Իմ  յաջողութիւններուս «օրօրոցը» Հայաստանը եղաւ,-հրաժեշտէն առաջ ըսաւ Շաղիկը:

Անոյշ Ներսիսեան

Scroll Up