Պիտի Ձեւաւորուի Համահայկական Խորհուրդ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 6-րդ նիստի ընթացքին Սեպտեմբեր 26-ին որոշում  ընդունուած է Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելու մասին:

Համահայկական խորհուրդը պէտք է ըլլայ ինքնակազմակերպուած, ինքնակառավարուող խորհրդակցական մարմին, որուն ձեւաւորման համար կը նախատեսուի մշակել ուղղորդիչ հայեցակարգային մօտեցումներ:

Խորհուրդի առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ  2016 թ Սեպտեմբեր 20-ին Երեւանի մէջ: Այդ նպատակով պէտք է ձեւաւորուի կազմակերպչական յանձնախումբ:

Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման կազմակերպչական յանձնախումբի ղեկավարը պիտի ըլլայ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, քարտուղարը` նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Վիգէն Սարգսեան:

Յանձնախումբի կազմին մէջ ընդգրկուած են նաեւ սփիւռքի նախարար  Հրանուշ Յակոբեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ներկայացուցիչ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բիւրոյի, ՀՌԱԿ, Սոցիալ-Դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան, Ռուսաստանի հայերու միութեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ներկայացուցիչներ:

 Համաձայն ընդունուած որոշման`

– Խորհուրդի կազմին մէջ պէտք է ընդգրկուին ՀՀ, ԼՂՀ եւ Սփիւռքի առանցքային կառոյցներու, պետական կառավարման կարեւորագոյն մարմիններու, հոգեւոր հաստատութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներ համակարգող պետական յանձնաժողովի կազմը այդ առումով պէտք չէ կաշկանդէ ձեւաւորուող Խորհուրդի կազմն ու կառուցուածքը.

– Խորհուրդը կրնայ ունենալ տարածաշրջանային եւ թեմատիկ յանձնախումբեր․

– Խորհուրդի նիստերը պէտք է գումարուին առնուազն տարին մէկ անգամ ՀՀ մայրաքաղաքին մէջ․

– Խորհուրդը պէտք է ունենայ նիստերու միասնական մշտական օրակարգ, որուն առանցքին մէջ պէտք է  ըլլան`

ա) աշխարհի մէջ հայերու վիճակի մասին համապարփակ ամենամեայ զեկոյցի քննարկում,

բ) Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ ատոր հետեւանքներու վերացման առնչուող խնդիրներու քննարկում,

գ) համահայկական բնոյթի ձեռնարկներու համադրում:

Ընդունուած որոշմամբ կազմակերպչական յանձնախումբին յանձնարարուած է մշակել եւ մինչեւ 2016 թ Ապրիլ 15 յանձնաժողովի անդամներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներուն առաքել Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման, հիմնադիր կազմի եւ կառուցուածքի մասին որոշման նախագիծը, պետական յանձնաժողովի անդամներու մասնակցութեամբ կազմակերպել խորհրդատուութիւններ Խորհուրդի հայեցակարգի, կառուցուածքի եւ գործունէութեան կարգի շուրջ, նախապատրաստել Խորհուրդի առաջին նիստը եւ մինչեւ 2016 թ Յուլիս 15 իրազեկել յանձնաժողովի անդամներուն առաջին նիստի իրականացման վայրի եւ ժամանակացոյցի մասին:

Որոշմամբ նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին յանձնարարուած է ՀՀ արտաքին գործերու, մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններու եւ ատոնց համակարգերուն մէջ գործող մարմիններուն եւ կառոյցներուն հետ գործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ պետական յանձնաժողովի կազմին մէջ ներգրաւուած` սփիւռքեան կառոյցներու եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերուն հետ խորհրդատուութիւններ կազմակերպելու միջոցով կազմել «Հայերու վիճակը աշխարհի մէջ» առաջին զեկոյցը: Սփիւռքի նախարարին յանձնարարուած է նաեւ մինչեւ 2016 թ Մայիս 1 զեկոյցի նախագիծը ներկայացնել պետական յանձնաժողովի անդամներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներուն` այն քննարկելու եւ կառուցողական դիտարկումներ ներկայացնելու համար: Համահայկական խորհուրդին հետ գործակցութեան ընթացակարգեր մշակելու նպատակով կը նախատեսուի նաեւ խորհրդատուութիւններ իրականացնել տարածաշրջանային յանձնախումբերուն հետ:

Պետական յանձնաժողովի նիստի ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ ներկայացուած փաստաթուղթը ուրուագծային է եւ բաց է նոր առաջարկներու համար:

Առաջարկներ կրնան ներկայացնել այս խնդրով մտահոգուած համապատասխան կառոյցները, մասնագէտներն ու մտաւորականները:

Scroll Up