Դամասկոսի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Ձեռնարկներու Ամփոփման Նուիրուած Հանդիպում

Դեկտեմբեր 17-ին Սուրիոյ ՀՀ դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ամփոփման նուիրուած հանդիպում` Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանի, թեմի քաղաքական-գաւառական, միութիւններու ատենապետներու եւ Սուրիոյ Հայոց ցեղասպանութեան յանձնաժողովի անդամներու մասնակցութեամբ, կը հաղորդէ ԱԳՆ տեղեկատուութեան եւ մամլոյ վարչութիւնը:

Ողջունելով հիւրերը` Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արշակ Փոլատեան բարձր  գնահատած է Սուրիոյ պատերազմական դաժան պայմաններուն մէջ յանձնաժողովի եւ համայնքի հոգեւոր ու աշխարհիկ ղեկավարութեան իրականացուցած ձեռնարկները:

Իր հերթին Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան երախտագիտութիւն  յայտնած է դեսպանութեան գործուն համագործակցութեան եւ յանձնաժողովի գործունէութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Հանդիպման աւարտին դեսպան Փոլատեան Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանին յանձնած է ՀՀ նախագահի շնորհակալագիրը Սուրիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յանձնաժողովին կողմէ կատարուած աշխատանքներուն համար: Շնորհակալագիրի եւս նմուշ մը յանձնուած է Բերիոյ թեմի առաջնորդ տէր Շահան արքեպիսկոպոս Սարգսեանին:

Դեկտեմբեր 21-ին Սուրիոյ մշակոյթի կեդրոններու ղեկավարութեան կազմակերպութեամբ Դամասկոսի Ապու Ռմանէ մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած երեկոյ, որուն ընթացքին դեսպան Փոլատեան հանդէս  եկած է «Հայոց ցեղասպանութեան փուլերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» թեմայով դասախօսութեամբ: Երեկոյին նաեւ «Հայոց հարցի լուսաբանումներ» թեմայով հակիրճ դասախօսութեամբ հանդէս եկած է սուրիացի հետազօտող, դոկտոր Ռիատ Թակկի ալ-Տինը:

Ձեռնարկին մասնակցած են սուրիացի մշակութային-հասարակական գործիչներ, հայ համայնքի եւ ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներ: Երեկոն լայնօրէն լուսաբանուած է սուրիական մամուլի էջերուն վրայ:

Scroll Up