Յուշ–երեկոյ` Նուիրուած Միկոյեան Եղբայրներուն

Մոսկուայի Պուշկինի հրապարակի հարեւանութեամբ գտնուող «Իզուեստեայ» թերթի խմբագրութեան համագումարներու դահլիճին մէջ Դեկտեմբեր 18-ին կայացաւ Միկոյեան եղբայրներու ծննդեան ` Անասթասի 120 եւ Արտէմի 110 ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոն: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Ամալեայ Իսայեանը:
Երեկոյի պատուաւոր հիւրերն էին Միկոյեան ընտանիքի անդամները`տղաներն ու աղջիկները, թոռներն ու ծոռները( Ստեփան, Սուետա, Աշխէն):
Հանդիպման իրենց ելոյթներով ու շնորհաւորանքներով աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերեցին ՄԻԳ ռազմական օդանաւերու կառոյցի ղեկավարներն ու աշխատակիցները, ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպանատան, ՌՀՄ Մոսկուայի քաղաքային կազմակերպութեան, «Շանթ» հեռուստաընկերութեան ներկայացուցիչներն ու Մոսկուայի հայ եւ ռուս մտաւորականները:
Երեկոն բացուեցաւ Միկոյեան եղբայրներուն նուիրուած փաստագրական ֆիլմի ցուցադրութեամբ, այնուհետեւ այն ընթացաւ ջերմ ու անմիջական մթնոլորտի մէջ: Հարազատներն ու մօտիկները պատմեցին հետաքրքիր յիշողութիւններ, եղան բազմաթիւ շնորհաւորական եւ երաժշտական ելոյթներ, ուր շեշտեցին խորհրդային պետական ու քաղաքական գործիչի` Անասթաս Միկոյեանի եւ աշխարհահռչակ օդանաւերու նախագծող, ճարտարագիտութեան ծառայութեան զօրավար, ՄԻԳ ռազմական օդանաւերու ստեղծող` Արտէմ (Անոյշաւան) Միկոյեանի Խորհրդային Միութեան դժուարին տարիներուն կատարած գործունէութեան կարեւորագոյն դերին եւ նշանակութեան մասին:
Հնչեցին բազմաթիւ երախտագիտութեան խօսքեր այդ հեղինակաւոր հայ անհատներու հասցէներուն, որ մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութեան զգացում բերաւ նախ եւ առաջ իրենց հայրենակիցներուն:
Յաւերժական փառք եւ պատիւ անոնց խնկեալ յիշատակին…