ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահներու Յայտարարութիւնը` Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպման Մասին

Պեռնի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումէն ետք հանդիպման միջնորդներ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով, ՃԷյմս Ուորլիք եւ Փիեռ Էնտրիւն հանդէս եկած են յայտարարութեամբ, որ տեղադրուած է ԵԱՀԿ պաշտօնական էջին վրայ:

«Նախագահներու հանդիպումը անոնց  համար հնարաւորութիւն  յստակեցնել էր իրենց դիրքորոշումները դէմ առ դէմ հանդիպման ժամանակ: Նախագահները քննարկած են վերջին շրջանին արձանագրուած յարձակման դէպքերը եւ արտայայտած մտահոգութիւն կիրառուած զէնքով մարդոց պատճառուած վնասներուն, աւերածութիւններուն առնչութեամբ: Նախագահները կը պաշտպանեն Համանախագահներուն` Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին բռնութեան նուազեցման ուղղուած շարունակական աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ հետաքննական մեխանիզմներու ներդրման գործին մէջ:

Նախագահները հաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը շարունակել համագործակցութիւնը ներկայիս բանակցութիւններու սեղանին դրուած լուծման ուղղութեամբ: Անոնք նաեւ վերահաստատած են, որ հաւատարիմ են Մինսկի խումբի ձեւաչափին:

Համանախագահները, ինչպէս անցեալին, պատրաստ են աշխատելու կողմերուն հետ` միջնորդելով ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ, համաձայնեցուած լուծման համար:

Scroll Up