Հրանուշ Յակոբեան.«Հայ Երկրապահներն Ամէնուր Են, Նաև Սփիւռքում»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/12/erkrapah-1.jpg)
Դեկտեմբեր 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Երկրապահ կամաւորականներու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան միջեւ կնքուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր:
Պատանի երկրապահները ԵԿՄ կեդրոնին մէջ ռազմահայրենասիրական երգերու ուղեկցութեամբ դիմաւորեցին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը եւ Երկրապահ կամաւորականներու միութեան վարչութեան նախագահ, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ յուշագիրի ստորագրման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Ողջունելով ներակաները` նախարարը նշեց. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, սիրելի՛ երիտասարդներ, միջին եւ աւագ սերնդի երկրապահներ, այս համատեղ յուշագիրը խորհրդանշում է այն կարեւոր փաստը, որ հայ երկրապահները ամէնուր են, նաեւ Սփիւռքում: Նրանց ակտիւ մասնակցութիւնը Հայրենիքի շէնացման, մեր պետականութեան կառուցման գործում դրա խօսուն վկայութիւնն է: Յուշագրի նպատակն է Հայաստանի Հանրապետութիւնում, Արցախում եւ Սփիւռքում մշակել եւ երիտասարդութեան շրջանում համատեղ իրականացնել մարզամշակութային, ռազմահայրենասիրական ծրագրեր եւ ձեռնարկներ: Սիրելի՛ երիտասարդներ, Դուք պէտք է համախմբուէք եւ Սփիւռքի հետ ձեռք ձեռք տուած պահէք պահպանէք մեր Հայրենիքը: Երկրապահ է մեր ամբողջ ժողովուրդը, եւ եթէ չլինէր այն ոգին, այն կազմակերպուածութիւնը, որը երկրապահից ժառանգել է նաեւ մեր խիզախ ու անպարտելի բանակը, կարծում եմ` մենք չէինք կարող յաղթանակել»:
Նախարարը իր միտքը ամփոփեց Գարեգին Նժդեհի հետեւեալ խօսքերով. «Ոգին է միաւորում մեզ եւ մենք այդ ոգով պէտք է կարողանանք յաղթել թշնամուն»:
Նախարարը մատաղ սերունդին, երիտասարդութեան ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ ձեռք բերած յաջողութիւններու, մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման եւ ազգային հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելու համար զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանին պարգեւատրեց նախարարութեան Ոսկէ յուշամետալով:
Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման նպաստելու, Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ հայ երիտասարդներու դերի բարձրացման, ռազմահայրենասիրական ծրագիրներու ստեղծման եւ ատոնց իրականացման աշխոյժ մասնակցելու համար Հրանոյշ Յակոբեան եռասերունդ երկրապահի ներկայացուցիչներուն յանձնեց պատուոգիրներ:
ԵԿՄ վարչութեան նախագահ, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեան շնորհաւորեց ստորագրուած յուշագիրին առթիւ եւ նշեց, որ այս յուշագիրի ստորագրումը պիտի նպաստէ հայկական Սփիւռքի համայնքային կազմակերպութիւններու եւ տեղուոյն վրայ գործող Երկրապահ կամաւորներու միութեան ներկայացուցիչներու համագործակցութեան ու Հայրենիք-Սփիւռք կապերու առաւել զարգացման:
Այնուհետեւ Մանուէլ Գրիգորեան Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան կերտման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան իր անմացորդ նուիրումին եւ արգասաբեր գործունէութեան համար Հրանոյշ Յակոբեանին պարգեւատրեց «Հայաստանի երկրապահ» յուշամետալով եւ «ԵԿՄ 20» տարի յոբելեանական մետալով:
Ձեռնարկի աւարտէն ետք նախարարը ԵԿՄ վարչութեան նախագահի ուղեկցութեամբ շրջայց կատարեց ԵԿՄ վարչութեան մէջ, ծաղիկներ խոնարհեց Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի կիսանդրիին առջեւ եւ այցելեց Երկրապահի թանգարան: