«Սուրիոյ Մէջ Կ’ուզէի Բժիշկ Դառնալ, Հիմա ալ Որոշած Եմ Նկարիչ Ըլլալ…» Սուրիահայ Փոքրիկ
Զինուոր, եկեղեցի, եռագոյն… շատերուն համար սովորական դարձած այս գեղանկարին ետեւը պարզուեցաւ թաքնուած ամբողջ պատմութիւն մը:
Կոմիտասի անուան Կամերային երաժշտութեան տան մէջ տեղի ունցող «Նանսենը եւ երեխաները» համերգին ժամանակ հանդիպեցայ 12-ամեայ Յովհաննէս Լեւոնեանին, որ գունային փոքրիկ լուծումներով` աւարտին կը հասցնէր գեղանկարը:
«Իմ հայրիկս» այսպէս տղան անուանած էր նկարը, որ պարզուեցաւ իրական պատմութիւն ունի:
– Իմ հայրիկիս փորձած եմ պատկերել իր ընկերներուն հետ: Սուրիոյ մէջ հայրիկս զոհուած է պատերազմի ժամանակ: Ատոր համար ալ որոշեցի զինուորական հագուստով անոր պատկերել: Ու շատ կ’ուզէի, որ եկեղեցի ըլլայ նաեւ, Սուրբ Սարգիս եկեղեցին պատկերած եմ ու մեր եռագոյնը,- կը պատմէ Յովհաննէսը:
Արդէն մէկ տարի է, որ Յովհաննէսը իր քրոջ, եղբօր ու մայրիկին հետ տեղափոխուած են Հայաստան ապրելու:
-Մեզի հետ է նաեւ մեծմայրս, հօրեղբայրս, բայց մայրիկիս մայրիկը, մօրաքոյրներս տարբեր տեղեր են` Սուրիա, Լիբանան… առաջ լաւ էր, բոլորս միասին էինք, հիմա չէ: Կ’ըսեմ, որ իրենք ալ գան մեզի միանան, կ’ըսեն, խօսք կու տան, բայց դեռ չեն ըրած,- կը ժպտի:
Յովհաննէս քրոջ հետ միասին կը յաճախէ Ղ. Սարեանի անուան արուեստի դպրոց, շատ կը սիրէ նկարել նաեւ քանդակագործութեամբ կը զբաղի: Յատկապէս կը սիրէ դիմանկարներ պատկերել.
– Հենց առաջին նկարը, որ ըրի տատիկի մը պատկերած էի, հօրեղբայրս նկարիչ է, երբ տեսաւ, հաւնեցաւ ու ըսաւ, որ պէտք է շարունակեմ նկարել: Յետոյ եկանք այստեղ, հիմա նաեւ կաւէ բաներ կը պատրաստեմ,- կ’ըսէ Յովհաննէսը եւ ցոյց կու տայ փոքրիկ կաւէ քանդակ մը,- ձկնորս պատկերած եմ, այս քանդակի աւելի մեծ տարբերակը ունիմ, հիմա ալ ուզեցի, որ միայն դէմքը ըլլայ:
Իմ հարցիս, թէ քրոջդ չես փորձած նկարել, կը ժպտի.
– Անգամ մը նկարեցի, շատ տգեղ եղաւ, ալ չեմ նկարեր, բայց անգամ մը կաւէ աղջիկ մը պատրաստած էի ու քրոջս նուիրած, ան ալ փոքր եղբայրս գլուխը վնասեց,-կը ծիծաղի…
Յովհաննէս կը պատմէ եւ Հայաստանի իր բացայայտումներուն մասին, սկսելով ճաշացանկէն.
Անգամ մը հօրեղբայրս գումար տուաւ եւ ըսաւ, որ երթամ ու մօտիկ խանութէն խաչապուրի գնեմ: Ես երբեք Սուրիոյ մէջ խաչապուրի չէի կերած… շատ հաւնեցայ: Այ օրինակ առաջին անգամ այստեղ կանաչ պամիտոր տեսած եմ, մեր մօտ չկար, ատիկա ալ հաւնեցայ,- կ’ըսէ Յովհաննէս:
Իսկ ահա դժուարութիւններուն համար առաջինը կը խօսի լեզուի խնդրի մասին.
-Բակին մէջ յաճախ, որ «սխալ» կը խօսէի, երեխաները կը ծաղրէին, իսկ դպրոցին մէջ այդպէս չէր, տնօրէնը, ուսուցիչները, երեխաները, բոլորը հետս լաւ կը վերաբերէին… Ամէնէն շատ դասարանին մէջ Դաւիթին հետ ընկերութիւն կ’ընեմ, իրեն արաբերէն համարեայ բոլոր տառերը սորվեցուցած եմ: Դպրոցին մէջ յաճախ կ’ըսէին ինծի` արաբերէն բառեր սորվեցնեմ իրենց:
Իսկ ահա Սուրիոյ մէջ ամէնէն շատ ընկերներէս Վրէժին կը կարօտնամ.
– Իմ ամենամօտ ընկերս Վրէժը, հիմա իրենք Լիբանան են, բայց յաճախ իրար կը զանգենք, կը խօսինք: Կ’ըսեմ, որ գայ այստեղ, խոստացած եմ, հէնց գայ մեր հրապարակը ցոյց պիտի տամ, որ ես ալ առաջին անգամ եկայ, այնտեղ գացած էինք:
Յովհաննէս պատերազմի մասին խօսիլ չի սիրեր, իմ հարցիս, թէ ինչ տեսած ես, կը լռէ, բայց յետոյ, անհանգիստ մի ըլլաք, ըսէք, ինչ կ’ուզէք գիտնալ, կը պատմեմ.
– Սնայփերով մարդոց տեսած եմ, հէնց դէմ դիմաց ու շատ վախցած էի ու ձեւով մը, չեմ գիտեր ինչպէս, վազեցի տուն հասայ, մեր շէնքին վերեւը անգամ մը ռումբ պայթեցաւ, վերջին անգամն ալ յարձակած էին մեր բակին վրայ…
Հիմա ամէնէն շատ հայրիկիս կը կարօտնամ ու մեր տունը, բայց եթէ անգամ խաղաղ ալ ըլլայ, չեմ երթար, այսստեղ հարազատ է,- կ’ըսէ Յովհաննէս:
Յովհաննէս կ’ըսէ, որ երազանքները փոխուած են.
– Սուրիոյ մէջ կ’ուզէի բժիշկ դառնալ, հիմա ալ որոշած եմ նկարիչ ըլլալ…
http://womennet.am/