Տիգրանակերտի Հայկական Եկեղեցին Վնասուած Է Թուրք-Քրտական Բախումներու Հետեւանքով

Տիգրանակերտի պատմական հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որ վերաբացուած էր 2011-ին, վերջին ամիսներուն թուրք-քրտական բախումներուն հետեւանքով վնասուած է:
Ինչպէս NEWS.am-ին յայտնեցին Տիգրանակերտի բնակիչները, Տիգրանակերտի Սուրի շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին վերջին 2 ամիսը փակուած է:
Բախումներու հետեւանքով կոտրուած են եկեղեցւոյ պատուհանները, եկեղեցւոյ պատերուն կ’երեւին կրակած փամփուշտներու տեղերը:
Բնակիչներուն խօսքով` վերջին օրերուն թրքական զինուժին կողմէ բուռն կրակոցներէն ետք դեռ յայտնի չէ ինչ վիճակի մէջ յայտնուած է Սուրբ Կիրակոսը, քանի որ Սուրի շրջանին մէջ կը շարունակուի փողոց դուրս գալու արգելքը:
Նշենք, որ Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկուն` Սուրբ Կիրակոսի վերաբացումն ու օծումը տեղի ունեցած է 2011-ի Հոկտեմբեր 22-ին, իսկ առաջին պատարագը մէկ օր անց` Հոկտեմբեր 23-ին:
Սուրբ Կիրակոսի վերանորոգումը իրականացուած է տիգրանակերտցի հայերու եւ Տիգրանակերտի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ:
Սուրբ Կիրակոսը վերաբացուած է որպէս գործող եկեղեցի: