Բնակարանի Եւ Աշխատանքի Հարցը Շարունակում Է Խնդիր Մնալ Սիրիահայերի Համար. Հրանուշ Յակոբեան
Դեկտեմբեր 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի ամփոփիչ նիստը:
Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի 2015 թուականին կատարուած աշխատանքներուն մասին զեկուցեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան: Զեկուցողը նշեց, որ այս պահուն Հայաստանի մէջ կը գտնուի շուրջ 17000 սուրիահայ, 2012-2015թթ. ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է 12.000 սուրիահայ, 1650 սուրիահայ ստացած է կացութեան կարգավիճակ: Աշխատանքի տեղաւորման խնդիրով նախարարութիւն դիմած է 2200 սուրիահայ: Տնտեսական գործունէութիւն ծաւալելու համար ՓՄՁԶԱԿ -ի կողմէ ֆինանսաւորուած է 85 սուրիահայ: Աշխատանքի տեղաւորման հարցով նախարարութիւնը համագործակցած է 200 պետական եւ հասարակակական կազմակերպութիւններու ու անհատներու հետ: 500-է աւելի սուրիահայ աշխատանքի տեղաւորուած է փոքր գործարարութեան մէջ կայացած սուրիահայ գործարարներու մօտ: Այս պահուն 1000-է աւելի սուրիահայ ընտանիք բնակարանի վարձ կը ստանայ բարեգործական տարբեր կազմակերպութիւններէ: 2015թ. նախարարութեան իրաւաբանական վարչութեան կողմէ 500 սուրիահայու ցուցաբերուած է իրաւաբանական աջակցութիւն: Վերջիններուս նմանատիպ աջակցութիւն ցուցաբերած է փաստաբաններու միութիւնը: Տարուան ընթացքին ծաւալուն աշխատանք իրականացուած է առողջապահութեան ոլորտին մէջ:
Ծաւալեցաւ լուրջ քննարկում սուրիահայերու հիմնախնդիրներու շուրջ: ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովիկ Եորտեկեան նշեց, որ սուրիահայ ուսանողներու կրթաթոշակներու տրամադրման հարցով, ՀՀ կառավարութեան կողմէ յատկացուած գումարներէն զատ, ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրած են ՀԲԸՄ-ը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամը` լրացուցիչ ֆինանսաւորելով եւս 2 տասնեակ ուսանողներու կրթավճարները:
Ամփոփելով նիստը` սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի կազմին մէջ ներկայացուած գերատեսչութիւնները պատասխանատուութեամբ վերաբերած են իրենց իրաւասութեան առնչուող հարցերուն: Նախարարը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր գերատեսչութիւններուն, բարեգործական, հասարակական կազմակերպութիւններուն, հոգեւոր կառոյցներուն` բարեխիղճ աշխատանքին համար: Նախարարը նշեց, որ բնակարանի եւ աշխատանքի հարցը կը շարունակէ խնդիր մնալ, որ պէտք է յաղթահարել միաւորուած ջանքերով: Ան կարեւոր համարեց աջակցութեան կարիք ունեցող սուրիահայերուն հանդէպ մշտական զգօնութիւնն ու հոգատարութիւնը:
Յանձնաժողովը հաստատեց 2016թ. աշխատանքային ծրագիրը: