Կլենտէլի Քաղաքային Խորհուրդի Նիստին Ներկայացուած Է Հայ-Սմերիկեան Թանգարանի Նախագիծը

Դեկտեմբեր 8-ին Կլենտէլի քաղաքային խորհուրդի հետ հանդիպման ժամանակ`  Հայ-ամերիկեան թանգարանի զարգացման ծրագիրներու յանձնաժողովը ներկայացուց Հայ-ամերիկեան թանգարանի նախագիծը եւ մատնանշեց յառաջիկայ ընելիքները:  Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթէն:

Նախագիծի հեղինակը Մարքուսի Ալաճաճեանն  է: Թանգարանը կը ներառէ ցուցահանդէսներու տարածք,  աղբիւրներու կեդրոն, ներկայացումներու թատրոն (Performance Art) եւ լսարաններ: Թանգարանին յատկացուած  է 1.7 արտավար տարածք:

Հանդիպման ժամանակ Կլենտէլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան ողջունեց թանգարանի նախագիծին վրայ աշխատող խումբը եւ նշեց, որ դեռ մէկ տարի առաջ այս ամէնը երազ էր հայկական համայնքին համար եւ  շատ ուրախ է, որ ամէն ինչ  ի կատար ածուեցաւ: «Ես գիտեմ, որ կ’ըլլան որոշ խոչընդոտներ, բայց ես համոզուած եմ, որ դուք հրաշալի կ’աշխատիք` ստեղծելու հիասքանչ նախագիծ Կլենտէլի քարտէզին վրայ»,-աւելցուց Արա Նաճարեան:

Հայ-ամերիկեան թանգարանի ստեղծման առաքելութիւնը  նպաստած է փոխըմբռման եւ գնահատած ամերիկացիներու էթնիկ եւ մշակութային սահմանները` փոխանակելով հայ-ամերիկեան փորձով: Երբ նախագիծը աւարտէ, այն պիտի ծառայէ իբրեւ մշակութային տարածք, որ պիտի  հարստացնէ համայնքը, պիտի ուսուցանէ հանրութեանը հայ-ամերիկեան պատմութիւնը:

Հայ-ամերիկեան թանգարանի ղեկավար մարմինը կազմուած է 9 կազմակերպութիւններու եւ հասատութիւններու ներկայացուցիչներէ` Հայ կաթողիկէ թեմ, Հայկական մշակութային հիմնադրամ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութիւն, ՀԲԸՄ Արեւմտեան ափի մասնաճիւղ, ՀՕՄ Արեւմտեան ափի մասնաճիւղ, Նոր օր բարեգործական հիմնադրամ, Նոր սերունդ մշակութային միութիւն, Հայաստանեաց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ԱՄՆ Արեւմտեան թեմ:

Scroll Up