Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Գրական-Երաժշտական Ձեռնարկ Փրակի Մէջ

Դեկտեմբեր 8-ին Չեխիոյ մայրաքաղաքի «Փիսեցկա Պրանա» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան թեման 2015թ. չեխական հրատարակութիւններուն մէջ» գրական-երաժշտական երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Օրեր» եւրոպական անկախ ամսագիրի եւ Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան համատեղ ջանքերով: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Բանալով երեկոն, «Օրեր» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան ներկայացուց 2015 թուականի ընթացքին լոյս տեսած չեխերէն երեք նոր հրատարակութիւնները` Փրակ ծնած աւստրիացի մեծանուն գրող Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» վէպը, ռումանահայ գրող եւ քաղաքական գործիչ Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեանը» վէպը եւ «Փլաւ» գրական հանդէսի յատուկ թողարկումը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ գրականութեան:

Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, որ ամփոփելով ընթացիկ տարուան Չեխիոյ մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները, նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան թեման միշտ արդիական է եւ միւս տարի եւս պիտի կազմակերպուին այլ ձեռնարկներ: Հայ դիւանագէտը յատուկ կարեւորեց Չեխիոյ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մասնակցութիւնը Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ապրիլ 24-եան ձեռնարկներուն եւ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը Ապրիլ 14-ին: Դեսպանը նաեւ բարձր գնահատեց հրատարակուած գիրքերն ու ամսագիրը եւ ողջունեց հրատարակչութիւններու ներկայացուցիչները:

Երեկոյի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ «Վիշեհրատ» հրատարակչութեան խմբագիր Ֆիլիպ Օուտրատան, որ ներկայացուց մուսալեռցիներու սխրանքը անմահացնող Ֆ․Վերֆելի վէպի նոր հրատարակութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ գրողներու միութեան առաջին փոխնախագահ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեանը» վէպի չեխերէն թարգմանութիւնը կատարած Եարմիլա Հորակովան:

«Փլաւ» գրական հանդէսի յատուկ թողարկումը ամբողջութեամբ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան ու հայ գրականութեան: Այն ներկայացուց թողարկման պատասխանատու խմբագիր Փաւլա Նեհասիլովան, որ շեշտեց, թէ առաջին անգամ չեխերէնով ներկայացուած են ժամանակակից հայ գրողներ Վահագն Գրիգորեանի, Արմէն Շէկոյեանի, Անահիտ Թօփչեանի, Ալեքսանտր Թօփչեանի ստեղծագործութիւնները, հայ դասականներու աշխատանքները, օրինակ, հատուած Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» բանաստեղծութենէն, Յովհաննէս Թումանեանի եւ այլ հայ գրողներու գործեր:

 

Scroll Up