Դատական Հայց Ռոթերտամի Իսլամական Համալսարանի Տնօրէնին Դէմ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/12/2d709bb2-6adb-42e4-8b3a-2975c83a86b1.jpg)
Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ընկերակցութիւնը (FAON) դատական հայց ներկայացուցած է Ռոթերտամի Իսլամական համալսարանի (IUR) տնօրէն Ահմէտ Աքգիւնտիւզի դէմ: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ընկերակցութիւնը:
Անոր դէմ մեղադրանքները կը վերաբերին խտրականութեան, ատելութեան հրահրման, հանրային զրպարտութեան եւ ցեղասպանութեան ժխտման պարագաներուն: Հոլանտահայ ընկերակցութիւնը (FAON) դիմած է այս նախաձեռնութեան ի պատասխան Հոլանտայի կրթութեան նախարար տիկին Պիւսեմակերի կոչին, որ չնայած կը դատապարտէ Ահմէտ Աքգիւնտիւզի վարքագիծը եւ անոր յայտարարութիւնները, սակայն առայժմ ի վիճակի չէ փակել անոր ղեկավարած հաստատութիւնը: Քանի մը քրտական եւ թրքական կազմակերպութիւններ ու անհատներ եւս դատական հայց ներկայացուցած են տնօրէնին դէմ, որոնք նոյնպէս վիրաւորուած են տնօրէնի զրպարտչական արտայայտութիւններէն:
Հոլանտահայ ընկերկացութեան հայցը ուղղուած է առաջին հերթին Աքգիւնտիւզի այն արտայայտութիւններուն դէմ, ուր ան հանդէս եկած է խտրական եւ ատելութիւն սերմանող յայտարարութիւններով հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու հանդէպ: Օրինակ` Թուրքիոյ վերջին ընտրութիւններուն ժամանակ, ան կոչ ըրած է հոլանտաբնակ թուրք ընտրողներուն չքուէարկել հայերուն, քիւրտերուն եւ համասեռամոլներու օգտին: Երկրորդ հերթին` Հոլանտահայ ընկերակցութեան հայցը ուղղուած է այս անձի շարունակական յայտարարութիւններու եւ հրապարակումներու հոսքին դէմ, ուր ան կոպտօրէն կը հերքէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, անով իսկ խախտելով հոլանտական քրէական օրէնսգիրքի 137c յօդուածը:
Հոլանտահայ ընկերակցութիւնը կը համարէ, որ Ահմէտ Աքգիւնտիւզի վարքագիծը չի համապատասխաներ հոլանտական օրէնքի դրոյթներուն: Բացի այդ, Հոլանտահայ ընկերակցութիւնը համոզուած է, որ Ահմէտ Աքգիւնտիւզի պահուածքը կը խանգարէ Հոլանտայի տարբեր ազգաբնակիչներու միջեւ երկխօսութեան եւ հաշտեցման ջանքերուն: Առաւել եւս տնօրէնը կը չարաշահէ նոյնպէս իր պաշտօնը կրթութեան ոլորտին մէջ` արտայայտելով թրքական քաղաքական հայեացքներ, որ անընդունելի է:
Այստեղ եւս յստակ կ’երեւի «Անգարայի երկար թեւը», քանի որ Ահմէտ Աքգիւնտիւզի տեսակէտները ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, միանգամայն կը համընկնին Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան առաջնորդ Թայիպ Էրտողանի հայեացքներուն հետ:
Լուսանկարը` Նիտերլանտական օրագիրին