ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Աջակցութեամբ Պաթումի Մէջ Մշակութային Կեդրոն Մը Բացուած Է (Տեսանիւթ)
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/12/մշակույթի-տուն1.jpg)
Դեկտեմբեր 5-ին Պաթումի մէջ պաշտօնապէս բացուած է Վիրահայոց թեմի Ալեքսանտր Մանթաշեանի անուան կրթամշակութային կեդրոնը:
«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` կեդրոնի շէնքը ձեռք բերուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, յատկապէս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ: Վերանորոգման աշխատանքները կատարուած են Ճինիշեան հիմնադրամի հովանաւորութեամբ, ներքին յարդարումը եւ գոյքը ձեռք բերուած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանի եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքի միջոցներով:
Մշակութային կեդրոնի բացման ներկայ եղած են Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Եուրի Վարդանեան, Աճարիոյ, Կուրիոյ եւ Իմերէթի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արամ Գրիգորեան, վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան, Ճինիշեան հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Յակոբեան, պաշտօնատար այլ անձիք, Պաթումի համայնքային գործիչներ, մտաւորականներ, հայ հասարակայնութեան ներկայացուցիչներ:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ ցուցադրուած է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական տեսաուղերձը` ուղղուած աճարահայ համայնքին:
«Պատմական հրաշալի օր է այսօր: Ուրախ եմ, որ այս կենտրոնը, որը նախաձեռնել է ՀՀ կառավարութիւնը` ի դէմս Սփիւռքի նախարարութեան, կրում է մեծն Ալեքսանտր Մանթաշեանի անունը, մի մարդու ով դարձել է հայ-վրացական բարեկամութեան հիանալի կամուրջ: Այս հասարակութիւնում Մանթաշեանն իր հետքը թողել է իր բարեգործութեամբ, իր շռայլ մարդկային կերպարով եւ իր մեծ հայ լինելու էութեամբ: Կարծում եմ` այս կենտրոնը պիտի դառնայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան լաւագոյն բարեկամներից` մասնակցելով մեր բոլոր ծրագրերին ու նախաձեռնութիւններին»,- ըսած է Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան տեսաուղերձին մէջ, որ «Հայերն այսօրը» կը ներկայացնէ ստորեւ.