Մենք ենք մեր դպրոցը. Աննախընթաց միացում հայկական կրթական կառոյցներու

Հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Թարգմանչաց վարժարանին միացումը Համազգայինի վարժարաններու ցանցին

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5-ին, Իսի-լէ-Մուլինոյի Ս. Նիքոլա վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը ստորագրելու համար այն պայմանագիրը, որու համաձայն Իսիի Թարգմանչաց վարժարանը կը միանայ Համազգայինի վարժարաններու ցանցին։ Այս ուրախ առիթով Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը եւ Թարգմանչաց վարժարանի վարչութիւնը միասնաբար հրաւիրած էին Փարիզի, Իսիի եւ շրջակայ բոլոր քաղաքներու հայութիւնը ներկայ գտնուելու այդ արարողութեան։ Ներկայ էին Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան եւ Փարիզի շրջանային վարչութեան անդամներ, Թարգմանչաց դպրոցի տնօրէնութիւնը, վարչութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ բազմաթիւ ծնողներ, համայնքային պատասխանատուներ, ինչպէս՝ Իսիի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս Ա. Քհնյ. Պալըգեան, Շաւիլի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գուրգէն Վրդ. Աղապապեան, Իսիի քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի ներկայացուցիչ եւ փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեան, Գլամարի քաղաքապետարանի կրթութեան հարցերու կցորդ Ժագլին Մինասեան եւ Շաւիլի քաղաքապետարանէն՝ Արտա Գալայճեան։

Հանդիսութեան բացումը կատարեց Նոնիկ Յովհաննէսեան, որ անդրադարձաւ Թարգմանչացի խորհուրդին, նշելով որ Գիրերու գիւտէն ետք թարգմանիչներն էին որոնք Ոսկեդարուն հաստատեցին առաջին հայկական դպրոցը։ Յիշեց հայերէն թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը («Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ իմանալ զբանս հանճարոյ») որ ինքնին յետագայ սերունդներու համար խորհրդանշական կրթական ուղեգիծ էր։ Հաւաստեց, որ հայկական դպրոցը միայն կրնայ դարբնել ֆրանսահայ նոր սերունդը։

Ներկայացուց օրուան ճոխ յայտագիրը, որու ընթացքին խօսք պիտի առնէին Թարգմանչաց դպրոցի յանձանձիչ մարմնի վարչութեան ատենապետ՝ Վազգէն Տէտէեան, Իսիի փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեան, Մարսիլիոյ Համազգային վարժարանի տնօրէնուհի Սեդա Պիպէրեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Մկրտիչ Մկրտիչեան։ Իսկ գեղարուեստական բաժնով Թարգմանչաց դպրոցի աշակերտուհի մը հատուածներ պիտի արտասանէր Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»էն եւ քնարի նուագակցութեամբ ելոյթ պիտի ունենար Տիկ. Իրիս Թորոսեան։

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Վազգէն Տէտէեան, որ դպրոցի համահիմնադիր Պրն. Զատիկ Ասլանեանի մահէն ետք ստանձնած էր Թարգմանչացի վարչութեան ատենապետութիւնը։ Պրն. Տէտէեան բազմիցս յիշատակեց հանգուցեալ ատենապետը որ տեսլապաշտ անձնաւորութիւն մըն էր եւ հակառակ հայութեան ու հայկական դպրոցի նկատմամբ իր շրջապատի յոռետեսութեան եւ ժխտական դիրքորոշումներուն, միայն քանի մը զինակիցներով պայքարեցաւ եւ կրցաւ յաջողցնել Թարգմանչաց դպրոցի հիմնադրութիւնը։ Այս ծրագիրը 1990ական թուականներէն արդէն խմորումի մէջ էր, սակայն զանազան դէպքեր եւ համայնքային նախաքայլեր առաջին օրերուն ձախողեցուցին դպրոցի կառուցման աշխատանքը։ Սակայն, Զատիկ Ասլանեան, Իսիի քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի ուղղակի օժանդակութեամբ՝ քաղաքապետարանին կողմէ 3.000 քառ. մեթր հողատարածքի մը նուիրումով, եւ քանի մը համախոհներով, յաջողեցաւ կառուցել վարժարանը՝ 1996ին։ Այնուհետեւ դպրոցը Կրթական նախարարութեան հետ իր առաջին պայմանագիրը կնքեց 2005ին, երկրորդը՝ 2007ին եւ այսպէս շարունակաբար։

400 աշակերտի տարողութիւն ունեցող Թարգմանչաց վարժարանը 2011ին պայմանագիր մը կնքեց Իսիի Սէնթ Գլոթիլտ դպրոցին հետ, որ նորոգութեան մէջ ըլլալով հիւրընկալուեցաւ Թարգմանչաց դպրոցին կողմէ եւ այդ վարձակալութեան եկամուտով վարժարանը կրցաւ փակել իր նախկին պարտքերը։ Երկու տարի առաջ ալ Թարգմանչացը հրդեհի մը զոհը դարձաւ…։ Իսկ այսօր ամբողջովին վերակառուցուած, կարելիութիւնը ունեցաւ միանալու Համազգայինի վարժարաններու ցանցին։ Համազգայինը չորս նոր անդամներով (Նոնիկ Յովհաննէսեան, Հրայր Այվազեան, Կասիա Յարութիւնեան-Պաղտասարեան եւ Յասմիկ Շահինեան) կ՚ամբողջացնէ ներկայի վարչական կազմը, որ կը բաղկանայ 13 անդամներէ։ Դպրոցին առաքելութիւնն է՝ ֆրանսական կրթական համակարգի կողքին նաեւ հայկական ինքնութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը փոխանցել հայ նոր սերունդներուն։։ Այս կրթարանէն կրնայ օգտուիլ Իսիի եւ շրջակայքի բաւական մեծ թիւով հայաշատ քաղաքներու հայութիւնը (Մէօտոն, Գլամար, Շաւիլ, Սեւր, եւայլն)։ Երկու մշակոյթները մերօրեայ հայ մանուկին առիթ պիտի տան իր արմատները ճանչնալու եւ համերաշխօրէն ապրելու իր կրկնակի պատկանելիութիւնը, հարուստ միջավայրի մը մէջ բացուելու եւ զարգանալու, որպէսզի ապագային կարենայ իրագործել իր երազները։

Իսիի փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեան իր ելոյթի ընթացքին շատ յանդուգնօրէն եւ բացէ ի բաց քաղաքապետութեան զօրակցութիւնը յայտնեց հայ համայնքին ու դպրոցին։ Ան յատկապէս քաղաքապետ Անտրէ Սանթինին օրինակ բերելով ըսաւ թէ երբ վերջինս ասկէ քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ Իսիի քաղաքապետը կը դառնար, քաղաքը Փարիզի մէկ աննշան արուարձանն էր։ “Անցնող 30-40 տարիներուն Պրն. Սանթինիի անխոնջ եւ հեռատես գործունէութեան արդիւնքով՝ Իսին այսօր դարձած է արդիական քաղաք մը, որ տնտեսական, ընկերային եւ կրթական մարզերուն մէջ շատ մը մեծ քաղաքներու նախանձը կ՚առթէ”, ըսաւ Պրն. Խանճեան եւ աւելցուց, թէ՝ նկատի ունենալով որ Իսի-լէ-Մուլինօն կրցած է այսօր այդ մակարդակին հասնիլ, պատճառ չկայ որ Համազգային-Թարգմանչաց դպրոցն ալ այդ օրինակին չհետեւի, եւ յաջողութիւններ չարձանագրէ։ Բանախօսը առանց նշելու այն բոլոր դժուարութիւնները եւ ներքին պառակտումները որոնց պատճառով դպրոցը չկրցաւ բաւարար թիւով աշակերտներ ներգրաւել եւ 20 տարուան ընթացքին հարկ եղած յառաջխաղացքը ունենալ, յոյս յայտնեց որ վարժարանը Համազգայինի հետ միանալով եւ գործակցելով ապագային պիտի կարենայ դիմագրաւել խոչընդոտները եւ հայ երախաներուն ջամբել ու աւանդել անհրաժեշտ կրթութիւնը, գիտութիւնն ու դաստիարակութիւնը։ Ա. Խանճեան խոստացաւ ո՛չ միայն Իսիի այլեւ շրջակայ քաղաքներու օժանդակութիւնը Համազգային-Թարգմանչաց դպրոցին։

Համազգայինի Մարսիլիոյ դպրոցի տնօրէնուհի Սեդա Պիպէրեան իր կարգին պատմեց 1980 թուականին Մարսիլիոյ մէջ իրագործուած Համազգայինի մեծ երազին ու տեսիլքին մասին, երբ հիմնուեցաւ Ֆրանսայի հարաւային շրջանի միակ հայկական վարժարանը, որու՝ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական բոլոր բաժանմունքները կը գործեն այսօր եւ Ֆրանսայի հայկական ամէնօրեայ եօթը դպրոցներուն մէջ միակն է որ երկրորդականի մակարդակը ունի եւ հոն սերունդներ կը պատրաստուին՝ հայկական միջավայրի մէջ այդ ամբողջ ընթացքը եւ հոլովոյթը ապրելով։ Սեդա Պիպէրեան իր նեցուկը, օգնութիւնը եւ փորձառութեան փոխանակումը առաջարկեց, ըսելով թէ իրենց դպրոցի կազմը պատրաստակամ է ամէն տեսակի օժանդակութիւն ցուցաբերելու, որպէսզի այս միաւորուած դպրոցն ալ մօտ ապագային կարենայ նոյնպիսի յաջողութեան հասնիլ։

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ պատմականը ըրաւ Համազգայինի կրթական ու մշակութային շարժումին եւ անդրադարձաւ հիմնադիր երրեակին՝ Լեւոն Շանթի, Համօ Օհանջանեանի եւ Նիկոլ Աղբալեանի տարած աշխատանքին, որոնք 1930ին հիմնեցին Պէյրութի ճեմարանը, որ սկիզբը ճամբայ ելած է 15 աշակերտով, իսկ այսօր շուրջ 700 աշակերտներ կը յաճախեն «Մելանկթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանը։ Հոն Համազգայինը ունի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, «Գուսան» երգչախումբը, «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը, «Թորոս Ռոսլին» գեղարուեստի դպրոցը, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը, «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցը, «Րաֆֆի Սեթեան» հրատարակչատունը։ Պրն. Մկրտիչեան յիշեց նաեւ Սփիւռքի մէջ Համազգայինի դպրոցները՝ Մարսիլիոյ ճեմարանը, Սիտնիի «Արշակ եւ Սոֆի Գալստեան» դպրոցը եւ վերջապէս այսօր իրենց վարժարաններու ցանցին մէջ կ՚ընդունին նաեւ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանը։ Ընդհանրապէս Սփիւռքի պատմութեան մէջ նման երեւոյթ մը հազուագիւտ է եւ հետեւաբար ընդգծելի, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով երկու կրթական կառոյցներ իրարու կը միանան նոր թափ տալով կրթական շարժումին Ֆրանսայի մէջ։ Բանախօսը նաեւ անդրադարձաւ Համազգայինի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու գործունէութեան՝ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկայի հեռաւոր ցամաքամասը։

Հոս կ՚արժէ նշել թէ այս միացումին առթիւ ըտրուած է «Մենք ենք մեր դպրոցը» գեղեցիկ բնաբանը։ Այս կարգախօսը յատուկ շեշտ կը դնէր Սփիւռքի մէջ հայ դպրոցի կարեւորութեան վրայ, որու շնորհիւ մեր մայրենին եւ մշակոյթը պիտի կարենան շարունակել, բարգաւաճիլ ու ծառայել Արեւմուտքի մէջ հաստատուած բոլոր հայ համայնքներուն։

Գեղարուեստական բաժնով – ինչպէս վերը նշուեցաւ – Թարգմանչացի աշակերտ մը շատ գեղեցիկ ու սահուն կերպով բաւական երկա՜ր հատուած մը արտասանեց Կոմիտասին նուիրուած «Անլռելի Զանգակատուն»էն։ Անոր հետեւեցաւ քնարահար Տիկ. Իրիս Թորոսեանի ելոյթը, որ Խաչատրեանի «Գայեանէ»ով եւ երաժշտական երեք դասական կտորներով հմայեց ներկաները։

Բարի երթ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին։

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up