«i Witness»ի Հեղինակները Կը Մեծարուին «Ֆորէյն Փալըսի»ին Կողմէ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Լոս Անճելըսի մէջ կայացած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակման իւրօրինակ ձեռնարկներէն մէկը հանդիսացած «i Witness» ցուցահանդէսի հեղինակները՝ ճարտարապետ Վահագն Թովմասեան եւ լուսանկարիչներ Արա Օշական ու Լեւոն Փարեան, հեղինակաւոր «Ֆորէյն Փալըսի» թերթին կողմէ մեծարուած են Դեկտեմբեր 1ին կայացած հանդիսութեան մը ընթացքին՝ արժանանալով «2015ի համաշխարհային առաջնորդող մտաւորականներ» մրցանակին։

Աւելի քան մէկ ամիս տեւած այս ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Կրենտ» զբօսայգիին մէջ, Ապրիլ 25ին, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայք Անթոնովիչի հովանաւորութեամբ:
Ցուցահանդէսին, իրարու կից եւ ոչ համաչափ լուսանկարչական հսկայ յուշարձաններու վրայ եռաչափ պատկերուած էին Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած ականատեսներու լուսանկարները: Լուսանկարներուն մէջ երեւցող վերապրողներուն մեծ մասը Հարաւային Քալիֆորնիոյ բնակիչներ էին։
8-15 ոտքնոց եւ իրարու միացած յուշարձանները չունէին ուղիղ անկիւններ՝ խորհրդանշելու համար անհաւասարակշիռ աշխարհը, որ միշտ պատերազմի եւ ցեղասպանութեան վտանգին մէջ է:

Այս մասին կը յայտնէ Ազպարէզ:

0000iwitness1

Scroll Up