ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց ՀՄԸՄ Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը

Դեկտեմբեր 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը` ՀՄԸՄ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի գլխաւորութեամբ:

Կեդրոնական վարչութիւնը, որուն կազմը ընտրուած էր 2015թ. Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀՄԸՄ 11-րդ Պատգամաւորական ժողովին ընթացքին, ներկայիս Երեւան ժամանած է այստեղ իրականացնելու իր առաջին լիագումար նիստը:

Ողջունելով պատուիրակութիւնը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան գնահատանքի խօսքեր ուղղեց ՀՄԸՄ վարչութեան եւ կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն` կատարած հայրենանուէր աշխատանքին եւ արագօրէն համաշխարհայնացուող աշխարհին մէջ երիտասարդութիւնը հայ պահելու ջանքերուն համար:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Հրանոյշ Յակոբեանին գնահատանքին համար` Գառնիկ Մկրտիչեան վստահեցուց, որ ՀՄԸՄ-ը մշտապէս հաւատարիմ է կազմակերպութեան գործունէութեան գլխաւոր նպատակին, այն է` ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջ դաստիարակութեամբ հայ երիտասարդ աճեցնելուն, հայութեան եւ Հայաստանին ազնուութեամբ, արիութեամբ, օրինապահութեամբ, հայրենասիրութեամբ, պատուի ու պատասխանատուութեան զգացումով ծառայելու  գիտակցութեան ամրապնդման:

Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան յառաջիկայ քառամեայ ծրագիրները Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ իրականացնելու, Եւրոպայի եւ Լատինական Ամերիկայի երկիրներու հայկական վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի ուսուցման հնարաւորութիւններու զարգացման եւ բարելաւման, ինչպէս նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՄԸՄ միջեւ գործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման հետ կապուած այլ հարցեր:

HMYM-1 HMYM-2

Scroll Up