Պատրիկ Տեւէճեան. Արդեօք Պէ՞տք Է Հանդուրժել Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Օտարերկրեայ Քարոզչութիւնը

Անոնք, որոնք կը ժխտեն Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Հոլոքոստը, իրենց պատիւ չեն բերեր, բայց ես կը հաւատամ խօսքի ազատութեան նաեւ անձամբ ինծի վերաբերող այս հարցով: Այս մասին Ֆրանսայի խորհրդարանի սահմանադրական օրէնքներու եւ օրէնսդրութեան հարցերու յանձնաժողովի նիստին մէջ Վալերի Պուայէի ներկայացուցած` մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծի քննարկման ժամանակ յայտարարած է ֆրանսական խորհրդարանի պատգամաւոր Պատրիկ Տեւէճեան: Հայ պատգամաւորը, news.am-ի փոխանցմամբ` մասնաւորապէս, յայտարարած է.
«Ատիկա նուրբ եւ իրաւական տեսանկիւնէն բարդ հարց է: Գլխաւոր հարցը պետութեան կողմէ ժխտումն է: Կարելի՞ է, արդեօք, հանդուրժել, եթէ օտար պետութիւնը Ֆրանսայի մէջ ժխտողական կազմակերպուած քարոզչութիւն կ’իրականացնէ: Որպէս պատգամաւոր` ես բազմաթիւ արտասահմանեան պետութիւններէն մէկուն կազմակերպութենէ մը այդպիսի փաստաթուղթեր ստացած եմ, որ զգալի միջոցներ կը յատկացնէ այն կազմակերպութիւններուն, որոնք ցեղասպանութեան ժխտման միջոցով կը վաստակեն: Այդ քարոզչութիւնը ակնյայտօրէն ուղղուած է Ֆրանսայի քաղաքացիներու այն հատուածին, որոնք, օտար ծագում ունենալով, ամէն պարագային, նոյնպիսի ֆրանսացիներ են, ինչպէս միւսները:
Պատմաբաններուն, որոնք կ’անհանգստանան այս կամ այն իրադարձութեան մեկնաբանման ազատութեան համար, պէտք է ցաւով պատասխանեմ, որ անոնք կը սկսին այդ իրադարձութիւններով հետաքրքրուիլ միայն այն ժամանակ, երբ ատոնք չափազանց դաժան կը դառնան:
Մշտական յայտարարութիւնները այն մասին, որ պատմութիւնը օրէնքով կանոնակարգել հնարաւոր չէ, նոյնպէս անհիմն են. Յուլիս 14-ի պատմական օրը մեր ազգային ինքնութեան հիմքն է: Քաղաքականութիւնը` այդ բառի վեհ իմաստով, հիմնուած է յիշողութեան եւ պատմութեան վրայ»: