«Ես Բանաստեղծութեամբ Կը Բժշկեմ Մարդոց». Սոնա Վան
«…Չափման միաւորն իսկապէս պահն է յաւերժականի,
բայց կայ նաեւ պահ,
որ ժամանակի լծակի վրայ
հակակշռում է յաւերժութեանը
տիեզերական ներդաշնակութեամբ»:
Սոնա Վան
Հէնց այդ տիեզերական ներդաշնակութեան պահն ալ, Աստուծոյ կամքով, ընձեռուեցաւ ինծի` զրուցելու հրաշալի, շա՜տ ինքնատիպ հայուհի եւ բանաստեղծուհի` Սոնա Վանի հետ, որ Հայրենի՛ք եկած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն` Հայոց մեծ եղեռնի 1.500.000 հայ նահատակներու յիշատակին նուիրուած «Լիպրեթօ անապատի համար» գիրքի շնորհանդէսին առիթով եւ Հայաստանի` հայրենի տան կարօտվ:
– Սոնա՛, Ձեր մասին` որպէս բանաստեղծուհի, շատ կը խօսին. Ձեզի ի՞նչն է ամէնէն շատ յուզողը եւ ուրախացնողը` ճանչցուած ըլլալը՞, Ձեր գործերու ընթերցումը՞, թէ՞ ի վերուստ տրուած գրելու չընդհատուող ընթացքը:
– Շնորհակալութիւ՛ն հարցին համար: Որպէս բանաստեղծուհի` ամէնէն շատ կը յուզէ ինծի այն, որ իմ տողերս թարգմանութիւններու միջոցով կրնան դիպչիլ աւելի շատ հոգիներու. ատիկա գրողին համար երազ է: Գրելու ընթացքը ինծի համար շատ ինքնաբուխ է, ես ատիկա չեմ ըներ յատուկ ընթերցողի մը համար կամ չեմ հասցէագրեր հաստատ հասցէատիրոջ: Գրելը ներսիս կրակը մարելու, ինչ-որ բան հանդարտեցնելու ցանկութիւն է: Եթէ իմ տողերս կը դիպչին ընթերցողի հոգիին, սրտին, կ’օգնեն անոր, ուրեմն ի զուր չէ ատոնց ծնունդը: Գրելու ձիրքը Աստուածային նուէր է, որ ես ուրիշներու հետ կիսելու մարդկային ցանկութիւն ունիմ, որմով կ’ուզեմ օգնել մարդոց: Ատիկա մէջս միշտ եղած է, այդ պատճառով ալ մանկութենէս բժշկութիւն ընտրած էի որպէս մասնագիտութիւն (ատիկա նաեւ հօրս ցանկութիւնն էր)` օգնելու, կարեկցելու մարդոց, իմ ունեցած սիրոյ, գթութեան պաշարը կիսելու ուրիշներու հետ: Բայց պարզուեցաւ, որ կարեկցանքի այս տեսակը կարելի է արտայայտել գիրով, որուն միջոցով հնարաւոր է փոխել հազարաւոր մարդոց զգացողութիւնները, նոր զգացողութիւններ պարգեւել, հանել անոնց մեր դարու չարիքի` ռոբոթացման վիճակէն: Բանաստեղծը կը գործէ ընդդէմ այդ մեքենային:
– Իմ ճանչցած բացառիկ գրողներէն էք, որուն գիրքերը շատ արագ կը սպառին եւ գործերը շատ կ’ընթերցուին ու կը տարածուին. ի՞նչ է այդօրինակ յաջողութեան գաղտնիքը:
– Ինչպէս որեւէ կախուածութիւն, ըսենք` խմիչքի, ծխախոտի, դեղորայքի, կը կայանայ, երբ մարդը հաճոյքի, բաւարարուածութեան զգացում կ’ունենայ, ինչ-որ տեղ այդ տարածքին մէջ կը գտնէ ինքն իրեն, ինքզինքը կը տեսնէ… Իմ կարծիքովս գրականութիւնը նոյնն է. երբ ընթերցողը էջերուն մէջ կը տեսնէ իրեն, կը հասկնայ, որ բանաստեղծը կիսած է հէ՛նց իր զգայական տարածքը, որ այնտեղ հնչողը ոչ թէ կեղծ, համադրուած ճշմարտութիւն է, այլ այն ճշմարտութիւնը, որմով ինք կ’ապրի, կ’
արթննայ ամէն օր, ուստի ատիկա ատոր համար կը դառնայ նշանակալի, ցանկալի, եւ այդ ընթերցողը կը ցանկայ հետեւիլ իր նախընտրած բանաստեղծի բոլոր գործերուն, հասկնալ, թէ ան ինչ կը մտածէ, ինչ կը զգայ: Իմ վերջին գիրքս վերջերս ռուսերէն թարգմանեց ռուս նշանաւոր բանաստեղծ Եւգենի Ռէյնը, որուն Պրոտսկին կը համարէր իր ուսուցիչը: Այս վիթխարի բանաստեղծը հեռախօսով օր մը ինծի ըսաւ. «Սոնա՛, եթէ այլեւս բանաստեղծութիւններ չկան թարգմանելու, խնդրեմ, ուղարկէ ինծի հայերէն թարգմանութիւնները, որովհետեւ ես կ’ուզեմ իմանալ, թէ դուն ինչ կը մտածես այսօր»: Տէ պատկերացուցէք, եթէ այդ տրամաչափի բանաստեղծը ցանկութիւն ունի հետեւելու իմ զգացողութիւններուս եւ հասկնալու ատոնք, ապա պարզ կ’ըլլայ, թէ իմ ընթերցողներս որքան աւելի շատ կ’ուզեն հետեւիլ իմ գործերուս լոյս ընծայման:
– Քանի՞ գիրք տպագրած էք եւ քանի՞ լեզուներով թարգմանուած են:
– Ատոնք շատ չեն. ես ունիմ տպագրուած 6 գիրք եւ 10 թարգմանական գիրքեր: Իմ գիրքերս թարգմանուած են 11 լեզուներով: Ամէնէն շատ կը սիրեմ ռուսերէնով եղած թարգմանութիւնները, որովհետեւ ռուս գրականութիւնը այսօր գրական էտալոն է: Իմ թարգմանական գիրքի շնորհանդէսը այս անգամ տեղի ունեցաւ թանգարանային 200-ամեայ պատմութիւն ունեցող «Дача на Покровке» վայրին մէջ, ուր իրենց գործերու առաջին ընթերցումները ունեցած են այնպիսի մեծութիւններ, ինչպիսիք են` Տօստոեւսկին, Կոկոլը, Մայակովսկին, Չեխովը… Ատիկա կազմակերպած էին իմ գրականութեան սիրահար երկու երիտասարդ ռուս բանաստեղծներ: Ես միանգամէն յայտնուած էի ռուս գրականութեան աստղաբոյլին մէջ` իմ` գրեթէ բառացի թարգմանութիւններով եւ ինծի համար շատ կարեւոր էր այդ աստղաբոյլի կարծիքը. անոնք չէին ճանչնար ինծի: Բարեբախտաբար, ես միանգամէն ընդունուեցայ անոնց կողմէ: «Культура» մշակութային ամսագիրի խմբագիր Եուրի Փելեաւսկին կարդաց իմ բանաստեղծութիւններս եւ անմիջապէս տպագրել տուաւ ատոնք հանրաճանաչ «Орел» ամսագիրին մէջ` Եուրի Փալիկովի թարգմանութեամբ ու հրաշալի նախաբանով, որմէ յետոյ տպագրուեցաւ «Дружба народов», «Новый мир» եւ ռուսական այլ ամսագիրներու մէջ: Ռուս ընթերցողը սիրեց իմ գործերս:
– Սոնա՛, գրական Փառնասի քանի՞ տարուան «գերին» էք Դուք:
– Որքան կը յիշեն ինծի, միշտ գրած եմ, սակայն մասնագիտական առումով կը գրեմ վերջին 20 տարիներուն: Հէնց այս 20 տարիներուն ալ կայացաւ իմ միութիւնս ռուս եւ համաշխարհային գրական աշխարհին հետ:
– Խօսինք «Լիպրեթօ անապատի համար» գիրքի շնորհանդէսին մասին:
– Խորհուրդը մեծ է, որ գիրքիս շնորհանդէսը կայացաւ հէնց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ: Հոգիս լիացաւ: Հարսնաքօղ չկրած իմ հօրաքրոջս յիշատակը, եաթաղանով ընդհատուած անոր երջանկութեան պատմութիւնը, որ գրած եմ եւ՛ բանաստեղծութեան, եւ՛ ինքնակենսագրութեան ձեւով, միայն այստեղ կրնար գտնել իր ճիշդ հանգրուանը: Շնորհակալ եմ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանին, որոնք հէնց երիտասարդական համաժողովի ընթացքին կազմակերպեցին գիրքիս շնորհանդէսը: Դուք տեսաք երիտասարդներու արձագանքը, յուզումը:
– Համաշխարհային ո՞ր կին գրողներուն կը նմանցնեն Ձեզի, անոնցմէ որու՞ն գործերը Ձեր հոգիին առաւել հոգեհարազատ է:
– Ես պաշտամունք ունիմ բոլոր կին-մեծութիւն գրողներուն հանդէպ, ոեւէ մէկուն իմ գրականութեանս, իմ տեսակիս չեմ նմանցներ: Հայ եւ արտասահմանեան գրաքննադատները նշած են, որ ինծի ոեւէ մէկուն հետ հնարաւոր չէ համեմատել, եւ ատիկա ինծի տրուած ամենամեծ գնահատականն է:
– Ետ վերադառնանք Ձեր առաջին մասնագիտութեան` բժիշկութեան. ինչու՞ բժշկութեամբ չզբաղուեցաք:
– Ես հոգեբանօրէն չէի կրնար տանիլ մարդու մէջ գտնուող ցաւի զգացողութիւնը: Շատ բարձր յառաջադիութեամբ աւարտեցի Բժշկական համալսարանը, սակայն այդպէս ալ բժիշկ չդարձայ, քանի որ հիւանդներուն հանդէպ կարեկցանքս այն աստիճանի կը հասնի, որ ես չեմ կրնար օգտագործել իմ մասնագիտական գիտելիքներս ու հմտութիւնս: Ես բանաստեղծութեամբ կը բժշկեմ մարդոց:
– Ձեր բանաստեղծութիւնները դարձա՞ծ են երգ:
– Այո՛: Բազմաթիւ երգեր կան իմ բանաստեղծութիւններովս գրուած, եւ կը ստեղծուին նորերը:
– Վերջին հարցս` ի՞նչ է Ձեզի համար Հայրենիքը:
– Հայրենիքը ինծի համար հոգեւոր տարածք է, ուր իմ հողիս վրայ կը քալէ հայ կոչուող մարդկային Աստուածահաճոյ տեսակը:
– Սիրելի՛ Սոնա, շնորհակալութիւ՛ն բովանդակալից, ջերմ եւ Ձեր բանաստեղծութիւններուն պէս ինքնատիպ հարցազրոյցին համար:
Կարինէ Աւագեան