Սթամպուլի Մէջ Կը Կայանայ «Գերմանիոյ Պատասխանատուութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ» Գիրքի Շնորհանդէսը

Գերմանացի լրագրող, գրող Իւրգէն Կոտշլիգը Դեկտեմբեր 2-ին Սթամպուլի մէջ կը ներկայացնէ իր «Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մէջ» գիրքը:
ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` թրքական «Demokrat haber» լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, որ գիրքի շնորհանդէսի ժամանակ գրողը հատուածներ պիտի կարդայ գիրքէն, ապա պիտի պատասխանէ ներկաներու հարցերուն:
Գիրքը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս Գերմանիան, որ կը ցանկար Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ իր տիրապետութիւնը հաստատել Արեւելքի մէջ, Թուրքիոյ ներքաշեց պատերազմի մէջ: Կայսրութեան բանակին մէջ ծառայող գերմանացի զինուորները հայերուն լրտես եւ դաւաճան կը համարէին: Իսկ երբ հայերու բռնի տեղափոխութիւնը ցեղասպանութեան վերածուեցաւ, գերմանական կառավարութիւնը գտաւ, որ միլիոնաւոր մարդոց կոտորածը «դաժան, սակայն արդիւնաւէտ միջոց է»: Ըստ հեղինակին, Գերմանիան անտեսած է հայերու դէմ կատարուող վայրագութիւններու վերաբերեալ դիւանագէտներու եւ հոգեւորականներու մտահոգութիւնները:
Իւրգէն Կոտշլիգը գիրքը գրելուն այցելած է այն վայրերը, ուր տեղի ունեցած են դէպքերը, հանդիպած է ցեղասպանութեան զոհերու հարազատներու հետ, ուսումնասիրած գերմանական եւ թրքական արխիւները: