Սուրիահայ Երեխաներու Կայուն Զարգացումը Հայաստանի Մէջ

Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւնը` Դանիական Կարմիր խաչի հետ համագործակցութեամբ 2015թ. Օգոստոսէն կ’իրականացնէ «Սուրիահայ երեխաներու կայուն զարգացումը Հայաստանի մէջ» ծրագիրը, որ կը տեւէ մէկ տարի: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Երեւանի Ալ. Շիրվանզադէի անուան հ. 21 դպրոցէն:

Ծրագիրը մշակուած է Կարմիր խաչի (Կարմիր մահիկի Ազգային ընկերութիւններու ֆետերասիոնի) (ԿԽՄՖ) եւ Սէյվ տը Չիլտրեն հիմնադրամի կողմէ համատեղ մշակուած մեթոտի հիման վրայ: Ծրագիրի նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի մէջ սուրիահայ երեխաներու ընդելուզման գործընթացին եւ կայուն զարգացման:

Կազմակերպչական ծաւալուն աշխատանքներէն յետոյ` 2014թ. Նոյեմբերէն, Երեւանի  13 դպրոցներու մէջ` ինչպէս նաեւ մեր դպրոցին մէջ, կը կազմակերպուին ծրագիրով նախատեսուած պատկերաւոր դասընթացքներ` սուրիահայ եւ տեղացի երեխաներու մասնակցութեամբ:

Երեխաները դասընթացքներուն կը մասնակցին մինչեւ 18 անձէ բաղկացած խումբերով եւ ոչ պաշտօնական մեթոտներով` դերախաղեր, քննարկումներ, նկարչութիւն, պար եւ այլն, անդրադառնալով այնպիսի խնդիրներու, ինչպիսին են վախի եւ ճնշումի յաղթահարում, շրջակայ միջավայրի ճանաչում, ապագայի կառուցում եւ այլն: Դասընթացներէն բացի կազմակերպուած են շրջագայութիւններ, ամառնային ճամբար, ծառատունկ դպրոցին մէջ:

 

Scroll Up