Ռուսական Կործանիչները Հարուածած Են Թուրքիայէն Սուրիա Մտած Բեռնատարներու Շարասիւնը
Ռուսական ռազմական ինքնաթիռները ռմբակոծած են Թուրքիայէն դէպի Հալէպի Ազեզ շրջան ուղեւորուող բեռնատարներու շարասիւնը:
Ըստ թրքական «Haberler.com» լրատուական կայքի` օդային հարուածներու հետեւանքով զոհուած է 7 մարդ, վիրաւորուած` 10, այրած է 20 բեռնատար, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Ըստ աղբիւրի` սիմենթով բեռնուած մեքենաները սուրիական եղած են, որոնք բեռնուած են Թուրքիոյ Քլիս քաղաքին յարակից թուրք-սուրիական սահմանի Օնճուփընար անցակէտին մէջ:
Կը նշուի, որ բեռները ուղարկուած էր Թուրքիոյ կողմէ իբրեւ օգնութիւն Հալէպի հիւսիսը գտնուող սուրիական Ազեզ շրջանի փախստականներուն:
Վերոնշեալ շրջանը, ինչպէս նաեւ Հալէպի զգալի մասը կը գտնուի տարատեսակ «ընդդիմադիր» խմբաւորումներու հսկողութեան տակ, որոնք զինուած պայքար կը մղեն Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ:
Թրքական լրատուամիջոցներէն մաս մըն ալ բեռնատարներու ռմբակոծումը կը վերագրէ ոչ թէ ռուսական կործանիչներուն, այլ սուրիական օդուժին: Թեմային վերաբերեալ առայժմ որեւէ մեկնաբանութիւն չէ հնչած Թուրքիոյ իշխանական շրջանակներէն: